Միրզոյեան ու Լաւրով քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ

Դեկտեմբեր 8-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:  Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման նպատակով խաղաղ գործընթացի լիարժէք վերականգնումը։ Արարատ Միրզոյեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են նաեւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։ Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները լրջօրէն կը վտանգեն տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Արտաքին
9 Դեկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Միրզոյեան ու Լաւրով քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ

Դեկտեմբեր 8-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: 

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման նպատակով խաղաղ գործընթացի լիարժէք վերականգնումը։

Արարատ Միրզոյեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են նաեւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։

Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները լրջօրէն կը վտանգեն տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը:

Արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են նաեւ «3+3» ձեւաչափին առնչուող, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։

ՌԴ խաղաղապահները աւարտին պիտի հասցնեն հայ գերիները վերադարձնելու գործը. Մուրատով
Նախորդ նիւթը

ՌԴ խաղաղապահները աւարտին պիտի հասցնեն հայ գերիները վերադարձնելու գործը. Մուրատով

Ռուս խաղաղապահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յանձնած են աւելի քան 1960 մարմին
Յաջորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յանձնած են աւելի քան 1960 մարմին

ԱնցնիլՎեր