Միրզոյեան- Պայրամով հանդիպում Նիւ Եորքի մէջ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են․ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Իկոր Խովաեւը՝ ՌԴ, Ստեֆան Վիսքոնթին՝ Ֆրանսա եւ Էնտրիւ Շոֆըրը՝ ԱՄՆ, Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի 76-րդ Գլխաւոր վեհաժողովի շրջածիրէն ներս առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ինչպէս նաեւ կայացած է արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ համատեղ հանդիպումը։ Համանախագահները կ’ողջունեն 2020 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր առաջին նման հանդիպումը՝ որպէս երկու երկիրներու վճռականութեան նշան՝ վերսկսելու խաղաղ գործընթացը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով, որ ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատման։ Միջնորդները, իրենց մանտաթին համապատասխան, կը վերահաստատեն կողմերու հետ աշխատելու հաւատարմութիւնը՝  ԼՂ հակամարտութեան հետ
25 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Միրզոյեան- Պայրամով հանդիպում Նիւ Եորքի մէջ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են․ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Իկոր Խովաեւը՝ ՌԴ, Ստեֆան Վիսքոնթին՝ Ֆրանսա եւ Էնտրիւ Շոֆըրը՝ ԱՄՆ, Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի 76-րդ Գլխաւոր վեհաժողովի շրջածիրէն ներս առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Ինչպէս նաեւ կայացած է արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ համատեղ հանդիպումը։ Համանախագահները կ’ողջունեն 2020 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր առաջին նման հանդիպումը՝ որպէս երկու երկիրներու վճռականութեան նշան՝ վերսկսելու խաղաղ գործընթացը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով, որ ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատման։

Միջնորդները, իրենց մանտաթին համապատասխան, կը վերահաստատեն կողմերու հետ աշխատելու հաւատարմութիւնը՝  ԼՂ հակամարտութեան հետ կապուած եւ անկէ բխող բոլոր մնացած հարցերու համապարփակ լուծման համար։

Միջնորդները յստակ, նպտակաուղղուած միջոցներ առաջարկած են իրավիճակի ապամագլցման եւ հնարաւոր հետագայ քայլերու վերաբերեալ»։

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան շնորհաւորագիրը՝ նորընտիր Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին
Նախորդ նիւթը

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան շնորհաւորագիրը՝ նորընտիր Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին

Հայաստանի մէջ 27 Սեպտեմբերին մէկ վայրկեան լռութիւն պիտի յայտարարուի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ 27 Սեպտեմբերին մէկ վայրկեան լռութիւն պիտի յայտարարուի

ԱնցնիլՎեր