Միրզոյեան-Ռիքըր հանդիպում

2 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի վերջին ռազմական նախայարձակումի մանրամասնութիւնները, կարեւոր նկատած է անոր հետեւանքներու վերացման եւ նոր նախայարձակումներու կանխման գործին մէջ միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու կատարումը, նեռարեալ միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը: Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ առանձնակի դաժանութեամբ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, որոնց վերաբերեալ տեսանիւթերը ատրպէյճանական կողմը լայնօրէն կը տարածէ ընկերային ցանցերուն մէջ` նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը
3 Հոկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Միրզոյեան-Ռիքըր հանդիպում

2 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի վերջին ռազմական նախայարձակումի մանրամասնութիւնները, կարեւոր նկատած է անոր հետեւանքներու վերացման եւ նոր նախայարձակումներու կանխման գործին մէջ միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու կատարումը, նեռարեալ միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ առանձնակի դաժանութեամբ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, որոնց վերաբերեալ տեսանիւթերը ատրպէյճանական կողմը լայնօրէն կը տարածէ ընկերային ցանցերուն մէջ` նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը` մեղաւորները համարժէք պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցերու, միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ:

Անհրաժեշտ պատասխան՝ նախայարձակի համար հետեւանքներով. Փաշինեան հայ ռազմագերիներու գնդակահարման տեսանիւթի մասին
Նախորդ նիւթը

Անհրաժեշտ պատասխան՝ նախայարձակի համար հետեւանքներով. Փաշինեան հայ ռազմագերիներու գնդակահարման տեսանիւթի մասին

Յանցանքը կատարողները ատրպէյճանական նորաստեղծ «Քոմանտօ» «Քոմանտօ» ջոկատին կը պատկանին. «Թաթոյեան Հիմնադրամ»
Յաջորդ նիւթը

Յանցանքը կատարողները ատրպէյճանական նորաստեղծ «Քոմանտօ» «Քոմանտօ» ջոկատին կը պատկանին. «Թաթոյեան Հիմնադրամ»

ԱնցնիլՎեր