Միրզոյեան սուրիացի գործընկերոջ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած վիճակը

24 Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ  Արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատի հետ: Հայաստանի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ նշած են հայ-սուրիական բազմադարեայ բարեկամութիւնը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մեծապէս կարեւորելով սուրիահայ համայնքի դերակատարութիւնը: Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Հայաստանը հանդէս եկած է Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման եւ համապարփակ երկխօսութեամբ խնդրի կարգաւորման օգտին։ Կողմերը խիստ մտահոգութիւն յայտնած են Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ Սուրիայէն վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւման առնչութեամբ։
26 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Միրզոյեան սուրիացի գործընկերոջ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած վիճակը

24 Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ  Արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատի հետ:

Հայաստանի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ նշած են հայ-սուրիական բազմադարեայ բարեկամութիւնը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մեծապէս կարեւորելով սուրիահայ համայնքի դերակատարութիւնը:

Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Հայաստանը հանդէս եկած է Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման եւ համապարփակ երկխօսութեամբ խնդրի կարգաւորման օգտին։

Կողմերը խիստ մտահոգութիւն յայտնած են Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ Սուրիայէն վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւման առնչութեամբ։

Ադրբեջանի լայնածավալ վերջին ագրեսիայի հետևանքով 7600 մարդ հարկադրված լքել է իր տունը
Նախորդ նիւթը

Ադրբեջանի լայնածավալ վերջին ագրեսիայի հետևանքով 7600 մարդ հարկադրված լքել է իր տունը

Իրաւասու է, բայց չէ ըրած. արդարադատութեան նախարարութիւնը` քիւրտերու արտայանձնման մասին
Յաջորդ նիւթը

Իրաւասու է, բայց չէ ըրած. արդարադատութեան նախարարութիւնը` քիւրտերու արտայանձնման մասին

ԱնցնիլՎեր