Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները. Քրեմլ

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը կոչ ըրած է մարդասիրական նկատառումներով դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը, այս թեմայով խորհրդակցութիւն իրականացնելու նպատակով 9 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Մոսկուա: «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շարք մը հեռախօսային զրոյցներէն ետք Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը դիմած է կոչով` դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, որոնք կ’ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ` մարդասիրական նկատառումներով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ փոխանակել գերիներն եւ զոհուածներու մարմինները: ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ այս թեմայով խորհրդակցութիւններ իրականացնելու համար 9 հոկտեմբերին Մոսկուա հրաւիրուած
9 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները. Քրեմլ

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը կոչ ըրած է մարդասիրական նկատառումներով դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը, այս թեմայով խորհրդակցութիւն իրականացնելու նպատակով 9 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Մոսկուա:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շարք մը հեռախօսային զրոյցներէն ետք Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը դիմած է կոչով` դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, որոնք կ’ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ` մարդասիրական նկատառումներով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ փոխանակել գերիներն եւ զոհուածներու մարմինները:

ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ այս թեմայով խորհրդակցութիւններ իրականացնելու համար 9 հոկտեմբերին Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները»,-ըսուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ:

 

Վարդենիսի մէջ խոցուած են 7 ԱԹՍ-ներ
Նախորդ նիւթը

Վարդենիսի մէջ խոցուած են 7 ԱԹՍ-ներ

Նորէն Հրթիռակոծուեցաւ Ստեփանակերտը. Արծրուն Յովհաննիսեան
Յաջորդ նիւթը

Նորէն Հրթիռակոծուեցաւ Ստեփանակերտը. Արծրուն Յովհաննիսեան

ԱնցնիլՎեր