«Մոտերնա» պատուաստանիւթի 50 հազար դեղաչափ հասած է Հայաստան

Լիթուանիան Հայաստանին փոխանցած է «Քովիտ-19»-ի դէմ «Մոտերնա» ընկերութեան պատուաստանիւթի 50 հազար դեղաչափ, որու մասին օրեր առաջ յայտնած էր Լիթուանիոյ վարչապետը։  Պատվաստանիւթի փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան՝ Վիլնիւսի օդակայանին մէջ, երբ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը վերադառնար Հայաստան: Լիթուիան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է՝ ի պատասխան Հայաստանի խնդրանքին, որ հիմնուած է երկկողմ համաձայնութեան վրայ` ԵՄ պատուաստանիւթերու փոխանակման մեխանիզմին միջոցով: Պաշտօնական այցի ընթացքին Լիթուիայի եւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարները ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր։ Այս առաջին դէպքն է, երբ Լիթուիան նուիրաբերած է «Մոտերնա»-ի պատուաստանիւթ:
5 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
«Մոտերնա» պատուաստանիւթի 50 հազար դեղաչափ հասած է Հայաստան

Լիթուանիան Հայաստանին փոխանցած է «Քովիտ-19»-ի դէմ «Մոտերնա» ընկերութեան պատուաստանիւթի 50 հազար դեղաչափ, որու մասին օրեր առաջ յայտնած էր Լիթուանիոյ վարչապետը։ 

Պատվաստանիւթի փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան՝ Վիլնիւսի օդակայանին մէջ, երբ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը վերադառնար Հայաստան:

Լիթուիան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է՝ ի պատասխան Հայաստանի խնդրանքին, որ հիմնուած է երկկողմ համաձայնութեան վրայ` ԵՄ պատուաստանիւթերու փոխանակման մեխանիզմին միջոցով:

Պաշտօնական այցի ընթացքին Լիթուիայի եւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարները ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր։ Այս առաջին դէպքն է, երբ Լիթուիան նուիրաբերած է «Մոտերնա»-ի պատուաստանիւթ:

Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը. Անն Իտալկօ
Նախորդ նիւթը

Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը. Անն Իտալկօ

Իրանը փակած է իր օդային տարածքը ատրպէյճանական ռազմական օդանաւերու համար
Յաջորդ նիւթը

Իրանը փակած է իր օդային տարածքը ատրպէյճանական ռազմական օդանաւերու համար

ԱնցնիլՎեր