Յաղթահարել փոքր երկրի ներկայացուցիչ ըլլալու բարդոյթը. Վարչապետ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի համար արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ մեծագոյն խնդիրներէն մէկը կը համարէ փոքր երկրի ներկայացուցիչի որոշակի բարդոյթը յաղթահարելը: Այս մասին Փաշինեանն ըսած է Մարտ 2-ին դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակցի օրուան նուիրուած միջոցառման ընթացքին: «Մեր դիւանագիտութիւնը մեր նորանկախ պատմութեան ընթացքում ունեցել է փառահեղ յաջողութիւններ, եղել են նաեւ որոշակի խնդիրներ, ձախողումներ, այս գործընթացը պէտք է անցնենք: Սա յատուկ է ցանկացած երկրի դիւանագիտութեանը: Մեր մեծագոյն խնդիրը պէտք է լինի փոքր երկրի ներկայացուցչի որոշակի բարդոյթը յաղթահարելը: Որքան էլ այն բնական լինի, այդ բարդոյթը մեզ շատ տեղերում խանգարում է: Միայն դիւանագիտական համակարգը չի կարող այդ բարդոյթը յաղթահարել, այն պէտք է յաղթահարուի ամէն քաղաքացու մակարդակում,
3 Մարտի 2020
3 ր. ընթերցում
Յաղթահարել փոքր երկրի ներկայացուցիչ ըլլալու բարդոյթը. Վարչապետ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի համար արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ մեծագոյն խնդիրներէն մէկը կը համարէ փոքր երկրի ներկայացուցիչի որոշակի բարդոյթը յաղթահարելը:

Այս մասին Փաշինեանն ըսած է Մարտ 2-ին դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակցի օրուան նուիրուած միջոցառման ընթացքին:

«Մեր դիւանագիտութիւնը մեր նորանկախ պատմութեան ընթացքում ունեցել է փառահեղ յաջողութիւններ, եղել են նաեւ որոշակի խնդիրներ, ձախողումներ, այս գործընթացը պէտք է անցնենք: Սա յատուկ է ցանկացած երկրի դիւանագիտութեանը: Մեր մեծագոյն խնդիրը պէտք է լինի փոքր երկրի ներկայացուցչի որոշակի բարդոյթը յաղթահարելը: Որքան էլ այն բնական լինի, այդ բարդոյթը մեզ շատ տեղերում խանգարում է: Միայն դիւանագիտական համակարգը չի կարող այդ բարդոյթը յաղթահարել, այն պէտք է յաղթահարուի ամէն քաղաքացու մակարդակում, պետական ողջ հիմնարկի ամէն կառոյցի մակարդակում»,- ըսած է Փաշինեանը:

ՀՀ վարչապետը շնորհաւորած է եւ շնորհակալութիւն յայտնած է դիւանագիտական ծառայութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն: Փաշինեանը հաւաստիացուցած է, որ լիարժէքօրէն եւ անկեղծօրէն կը հաւատայ, որ այսօր դիւանագիտական ծառայութիւնն ունի Հայաստանի նկատմամբ աշխարհի վերաբերմունքը փոխելու հնարաւորութիւնը:

Հնդկաստանէն Հայաստանին ռատարային արդիական համակարգեր պիտի մատակարարէ
Նախորդ նիւթը

Հնդկաստանէն Հայաստանին ռատարային արդիական համակարգեր պիտի մատակարարէ

Քննութիւններէն ետք պարզուած է, որ «Քորոնա»ի նոր դէպքեր չկան
Յաջորդ նիւթը

Քննութիւններէն ետք պարզուած է, որ «Քորոնա»ի նոր դէպքեր չկան

ԱնցնիլՎեր