Յայտնաբերուած է եւս 8 զոհուած զինծառայողի աճիւն. ԱԻՊԾ

Հատրութի, Ճապրայիլի եւ Հորադիզի ուղղութեամբ որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է 8 զոհուած զինծառայողի աճիւն: Այս մասին 22 դեկտեմբերին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։ «Այսօր որոնողական աշխատանքները շարունակւում են Հատրութի, Հորադիզի, Ճապրայիլի եւ Շուշիի լեռնաանտառային տարածքներում»,- նշած է Յունան Թադեւոսեանը: Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած է 1047 զոհուած զինծառայողի մարմին: Յիշեցնենք, որ որոնողափրկրարական աշխատանքներու շնորհիւ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով երէկ յայտնաբերուած են 61 օր անյայտութեան մէջ գտնուող երկու քաղաքացի: Անոնք Հատրութի
22 Դեկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Յայտնաբերուած է եւս 8 զոհուած զինծառայողի աճիւն. ԱԻՊԾ

Հատրութի, Ճապրայիլի եւ Հորադիզի ուղղութեամբ որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է 8 զոհուած զինծառայողի աճիւն: Այս մասին 22 դեկտեմբերին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։

«Այսօր որոնողական աշխատանքները շարունակւում են Հատրութի, Հորադիզի, Ճապրայիլի եւ Շուշիի լեռնաանտառային տարածքներում»,- նշած է Յունան Թադեւոսեանը:

Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած է 1047 զոհուած զինծառայողի մարմին:

Յիշեցնենք, որ որոնողափրկրարական աշխատանքներու շնորհիւ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով երէկ յայտնաբերուած են 61 օր անյայտութեան մէջ գտնուող երկու քաղաքացի: Անոնք Հատրութի բնակիչներ հայր եւ որդի Միքայէլ եւ Գեղամ Պետրոսեաններն են: Այժմ անոնք բժիշկներու հսկողութեան տակ են:

ԼՂ-ի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերը ականազերծած են 250 հեքթար տարածք․ ՌԴ ՊՆ (լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

ԼՂ-ի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերը ականազերծած են 250 հեքթար տարածք․ ՌԴ ՊՆ (լուսանկարներ)

Սիւնիքի մէջ` Որոտան գետի ափին տեղադրուած է Ատրպէյճանի դրօշը, տեղակայուած են ատրպէյճանցի զինուորներ (լուսանկարներ)
Յաջորդ նիւթը

Սիւնիքի մէջ` Որոտան գետի ափին տեղադրուած է Ատրպէյճանի դրօշը, տեղակայուած են ատրպէյճանցի զինուորներ (լուսանկարներ)

ԱնցնիլՎեր