Յայտնի են բոլոր 18 համայնքներուն մէջ կայացած ՏԻՄ ընտրութիւներու արդիւնքները

Ինչպէս յայտնի է՝ երէկ  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ կայացած են Հայաստանի շարք մը խոշորացուած համայնքներու մէջ: ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է նախօրէին Հայաստանի 18 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները: Մասնաւորապէս, Կոտայքի մարզի Չարենցաւան համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնական համայնք» դաշինքը, որ հաւաքած է 6812 ձայն։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 5571, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 839 ձայն։ Լոռիի մարզի Տաշիր համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնական համայնք» դաշինքը՝ 5904 ձայնով։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն այս համայնքին մէջ ստացած է 2376 քուէ։ Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ համայնքին մէջ առաջադրուած միակ ուժը՝ «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւնը ստացած է 5275 ձայն։ Այս համայնքին մէջ
26 Սեպտեմբերի 2022
12 ր. ընթերցում
Յայտնի են բոլոր 18 համայնքներուն մէջ կայացած ՏԻՄ ընտրութիւներու արդիւնքները

Ինչպէս յայտնի է՝ երէկ  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ կայացած են Հայաստանի շարք մը խոշորացուած համայնքներու մէջ:

ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է նախօրէին Հայաստանի 18 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:

Մասնաւորապէս, Կոտայքի մարզի Չարենցաւան համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնական համայնք» դաշինքը, որ հաւաքած է 6812 ձայն։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 5571, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 839 ձայն։

Լոռիի մարզի Տաշիր համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնական համայնք» դաշինքը՝ 5904 ձայնով։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն այս համայնքին մէջ ստացած է 2376 քուէ։

Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ համայնքին մէջ առաջադրուած միակ ուժը՝ «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւնը ստացած է 5275 ձայն։ Այս համայնքին մէջ քուէարկութեան մասնակցած է 5374 քաղաքացի։

Արագածոտնի մարզի Թալին համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ ստացած է 7990 ձայն։ «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնը Թալինի մէջ հաւաքած է 2323, ՀՅԴ-ն 1193, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը 913, «Կայունութիւն» կուսակցութիւնը 879 ձայն։

Լոռիի մարզի Ալավերդի համայնքին մէջ  յաղթած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը, որ ստացած է 6791 ձայն:«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ալավերդիի մէջ հաւաքած է 6557 ձայն, ՀԱԿ-ը՝ 340, ՀՅԴ՝ 316 ձայն:

Սիւնիքի մարզի Քաջարան համայնքին մէջ յաղթած է «Դէպի միասնութիւն» դաշինքը, որ հաւաքած է 2233 ձայն։ ՔՊ-ն Քաջարանի մէջ ստացած է 1118, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 482 ձայն։

Վայոց Ձորի մարզի Արենի համայնքին մէջ ՔՊ-ն վստահ յաղթանակ տօնած է՝ հաւաքելով 3281 ձայն։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 388 ընտրող։

Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքին մէջ յաղթած է կլանաւորուած համայնքապետի «Զօրաւոր համայնք» դաշինքը՝ 5685 ձայնով: ՔՊ-ն Բերդի մէջ ստացած  4298, իսկ «Արժանապատիւ սերունդ» դաշինքը՝ 1097 ձայն:

Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքին մէջ եւս յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ 4093 ձայնով։  «Աշխատանք եւ արդարութիւն» դաշինքը հաւաքած է 2693 ձայն, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 2307,«Մէկ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 979, «Յանուն հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպանների դաշինք»ը՝ 794, «Զարգացող համայնք» դաշինքը՝ 570, իսկ ՀՅԴ՝  403 ձայն:

Լոռիի մարզի բերդ համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է ՔՊ-ն, որ ստացած է 1254 ձայն։ «Ապրելու երկիր»-ն այս համայնքին մէջ հաւաքած է 619, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 338 ձայն։

Կոտայքի մարզի Բիւրեղաւան համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Միասնութիւն» դաշինքը՝ 2079 ձայնով։ ՔՊ-ն այստեղ հաւաքած է 1247 ձայն։ «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 1157 ընտրող, ՀՅԴ-ն ստացած է 166 ձայն։

Կոտայքի մարզի Ակունք համայնքին մէջ ՔՊ-ն յաղթած է՝ հաւաքելով 2708 ձայն։ «Համախմբում» դաշինքն այստեղ ստացած է 2098 ձայն։

Շիրակի մարզի Անի համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է «Ազգ-համայնք» դաշինքը՝ հաւաքելով 3763 ձայն։ ՔՊ-ն Անիի մէջ ստացած է 3032, իսկ «Հայկական երազանք» կուսակցութիւնը՝ 1037 ձայն։

Արագածոտնի մարզի Ծաղկահովիտ համայնքին մէջ եւս յաղթած է ՔՊ-ն։ Իշխող ուժի օգտին այս համայնքին մէջ քուէարկած է 2299 մարդ։ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը հաւաքած է 181 ձայն, «Հզօր համայնք» դաշինքը՝ 1327, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը 539 ձայն։ 

Լոռիի մարզի Գիւլագարակ համայնքին մէջ թէժ պայքար ընթացած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւններու միջեւ։ ՔՊ-ն ստացած է 1779, «Ապրելու երկիր»-ը՝ 1731 ձայն։

Կոտայքի մարզի Ջրվէժ համայնքին մէջ առաջադրուած միակ ուժի՝ ՔՊ-ի օգտին քուէարկած է 2084 ընտրող։ Ջրվէժի մէջ քուէարկութեանը մասնակցած է 2177 մարդ։

Վայոց Ձորի մարզի Եղեգիս համայնքին մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է ՔՊ-ն՝ հաւաքելով 1593 ձայն։ «Ազատական» կուսակցութիւնը հաւաքած է 1162, իսկ «Վերելք» կուսակցութիւնը՝ 45 ձայն։

 

Իրաւասու է, բայց չէ ըրած. արդարադատութեան նախարարութիւնը` քիւրտերու արտայանձնման մասին
Նախորդ նիւթը

Իրաւասու է, բայց չէ ըրած. արդարադատութեան նախարարութիւնը` քիւրտերու արտայանձնման մասին

Ստեփանակերտի մէջ պիտի յայտարարուի Լռութեան րոպէ, պիտի կայանայ Խաչերթ
Յաջորդ նիւթը

Ստեփանակերտի մէջ պիտի յայտարարուի Լռութեան րոպէ, պիտի կայանայ Խաչերթ

ԱնցնիլՎեր