Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերու կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին. ՊԲ

Նոյեմբեր 5-ին եւ լոյս 6-ի գիշերը ռազմաճակատի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: ՊԲ ստորաբաժանումները պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր վարած են եւ թշնամական ուժերուն ռազմական սարքերու ու մարդկային մեծաթիւ կորուստներ պատճառել արեւելեան, հարաւային ու հարաւ-արեւմտեան հատուածներու մէջ: Շուշիի ուղղութեամբ թշնամական գրոհային խումբերու բազմակի յարձակման փորձերը նոյնպէս կասեցուած են: Հակառակորդը լուրջ կորուստներ կրած է նաեւ հարաւ-արեւմտեան՝ Բերձորի հատուածի մէջ: Ամբողջ օրուայ ընթացքին հակառակորդը հրթիռահետանային հարուածներ հասցուցած է նաեւ Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ: Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերու կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին: Բանակային ստորաբաժանումները լիարժէք կերպով կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր կը
6 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերու կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին. ՊԲ

Նոյեմբեր 5-ին եւ լոյս 6-ի գիշերը ռազմաճակատի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: ՊԲ ստորաբաժանումները պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր վարած են եւ թշնամական ուժերուն ռազմական սարքերու ու մարդկային մեծաթիւ կորուստներ պատճառել արեւելեան, հարաւային ու հարաւ-արեւմտեան հատուածներու մէջ:

Շուշիի ուղղութեամբ թշնամական գրոհային խումբերու բազմակի յարձակման փորձերը նոյնպէս կասեցուած են: Հակառակորդը լուրջ կորուստներ կրած է նաեւ հարաւ-արեւմտեան՝ Բերձորի հատուածի մէջ:

Ամբողջ օրուայ ընթացքին հակառակորդը հրթիռահետանային հարուածներ հասցուցած է նաեւ Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ:

Յարձակողական գործողութիւնները թշնամական ուժերու կողմէ ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին: Բանակային ստորաբաժանումները լիարժէք կերպով կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր կը ձեռնարկեն թշնամական ուժերու հետագայ յայտնաբերման եւ կրակային խոցման ուղղութեամբ:

Սա Ստեփանակերտն է հրթիռակոծութենէն ետք․ ԱՀ ԱԻՊԾ (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

Սա Ստեփանակերտն է հրթիռակոծութենէն ետք․ ԱՀ ԱԻՊԾ (Լուսանկարներ)

Ստեփանակերտը կը հրթիռակոծուի ողկուզային ռումբերով․ ԱՀ ԱԻՊԾ
Յաջորդ նիւթը

Ստեփանակերտը կը հրթիռակոծուի ողկուզային ռումբերով․ ԱՀ ԱԻՊԾ

ԱնցնիլՎեր