Սա Ստեփանակերտն է հրթիռակոծութենէն ետք: Լուսանկարները հրապարակած է ԱՀ ԱԻՊԾ-ն։
Նշենք, որ Արցախի մայրաքաղաքը ամբողջ գիշերուայ ընթացքին եւ լուսադէմին պարբերաբար հրթիռակոծուած է:
Հրթիռը ինկած է բնակելի տան վրայ, զոհուած է քաղաքացիական 3 անձ:
Արցախի փրկարար ուժերը դիերը հանած են փլատակներու տակէն:
Մասնակի վնասուած են նաեւ հարեւանութեամբ գտնուող բնակարանները:
