Յոյս ունինք, որ ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը կը յանգեցնեն հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման․ Թոքաեւ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երեւանեան գագաթնաժողովին Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւ յոյս յայտնած է, որ «ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը թոյլ կու տան կարգաւորել հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը»։ Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն, Ղազախստանի ղեկավարի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ Թոքաեւ, ելոյթ ունենալով գագաթնաժողովին, աջակցած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան դիւանագիտական ​​կարգաւորման ուղղուած քայլերուն։ «Մենք բոլորս շահագրգռուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ։ Մենք յոյսով ենք, որ ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը հնարաւորութիւն կու տան հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը լուծելու բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​միջոցներով եւ կողմերը բերել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման», -ըսուած է Թոքաեւի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։
25 Նոյեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Յոյս ունինք, որ ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը կը յանգեցնեն հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման․ Թոքաեւ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երեւանեան գագաթնաժողովին Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւ յոյս յայտնած է, որ «ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը թոյլ կու տան կարգաւորել հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը»։

Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն, Ղազախստանի ղեկավարի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ Թոքաեւ, ելոյթ ունենալով գագաթնաժողովին, աջակցած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան դիւանագիտական ​​կարգաւորման ուղղուած քայլերուն։

«Մենք բոլորս շահագրգռուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ։ Մենք յոյսով ենք, որ ռուսական կողմի խաղաղապահ ջանքերը հնարաւորութիւն կու տան հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը լուծելու բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​միջոցներով եւ կողմերը բերել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման», -ըսուած է Թոքաեւի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

ՀՀ-ն կրնայ յարատեւել միայն անոր քաղաքացիներու՝ պետութիւն ունենալու կամքի առկայութեամբ. Վարչապետը՝ քաղաքացիներու համընդհանուր յայտարարագրման մասին
Նախորդ նիւթը

ՀՀ-ն կրնայ յարատեւել միայն անոր քաղաքացիներու՝ պետութիւն ունենալու կամքի առկայութեամբ. Վարչապետը՝ քաղաքացիներու համընդհանուր յայտարարագրման մասին

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող վիրաւորուած է․ ՀՀ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող վիրաւորուած է․ ՀՀ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր