Նաթանիահու նոր կառավարութիւն պիտի կազմէ

Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլինը նոր դաշնային կառավարութիւն ձեւաւորելու մանտաթ յանձնած է գործող վարչապետ Բենիամին Նաթանիահույին: Այս մասին նախագահը յայտարարած է տեղի հեռուստատեսութեամբ՝ ընտրութիւններու արդիւնքով ամենաշատ ձայներ ստացած խոշորագոյն խմբակցութիւններու առաջնորդներ Նեթանիահուի եւ Պենի Կանցի հետ հանդիպումէն ետք: «Կը տեղեկացնեմ, որ վարչապետ Նաթանիահուն մանտաթ ստացած է ինծմէ, թէեւ ան 61 ձայն չունի, որ անհրաժեշտ է դաշինք կազմելու համար: Անհրաժեշտ ձայներու քանակը չունի ո՛չ Կանցը, ո՛չ Նաթանիահուն: Նաթանիահուին աջակցած են Քնեսեթի պատգամաւորներէն 55-ը, Կանցին՝ 54-ը: Նաթանիահուի հնարաւորութիւնները աւելի մեծ են»,- մեկնաբանած է իսրայէլցի նախագահը:   Այժմ Նաթանիահուն 28 օր ունի դաշնային կառավարութիւն կազմելու շուրջ բանակցութիւններու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային անոր յաւելեալ 2 շաբաթ
26 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Նաթանիահու նոր կառավարութիւն պիտի կազմէ

Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլինը նոր դաշնային կառավարութիւն ձեւաւորելու մանտաթ յանձնած է գործող վարչապետ Բենիամին Նաթանիահույին: Այս մասին նախագահը յայտարարած է տեղի հեռուստատեսութեամբ՝ ընտրութիւններու արդիւնքով ամենաշատ ձայներ ստացած խոշորագոյն խմբակցութիւններու առաջնորդներ Նեթանիահուի եւ Պենի Կանցի հետ հանդիպումէն ետք:

«Կը տեղեկացնեմ, որ վարչապետ Նաթանիահուն մանտաթ ստացած է ինծմէ, թէեւ ան 61 ձայն չունի, որ անհրաժեշտ է դաշինք կազմելու համար: Անհրաժեշտ ձայներու քանակը չունի ո՛չ Կանցը, ո՛չ Նաթանիահուն: Նաթանիահուին աջակցած են Քնեսեթի պատգամաւորներէն 55-ը, Կանցին՝ 54-ը: Նաթանիահուի հնարաւորութիւնները աւելի մեծ են»,- մեկնաբանած է իսրայէլցի նախագահը:  

Այժմ Նաթանիահուն 28 օր ունի դաշնային կառավարութիւն կազմելու շուրջ բանակցութիւններու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային անոր յաւելեալ 2 շաբաթ կը տրամադրուի:

Յիշեցնենք, որ 17 սեպտեմբերին Իսրայէլի մէջ երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած են կրկնակի խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Հրատապ. Հայկական ուժերը վար առած են ատրպէյճանական անօդաչու սարք մը
Նախորդ նիւթը

Հրատապ. Հայկական ուժերը վար առած են ատրպէյճանական անօդաչու սարք մը

Վարչապետը իր էջին Թրամբի հետ առնուած լուսանկար հրապարակած  է
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետը իր էջին Թրամբի հետ առնուած լուսանկար հրապարակած է

ԱնցնիլՎեր