ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարած է, որ «լուրջ մտավախութիւններ» ունի Թուրքիոյ գործողութիւններու կապակցութեամբ

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը յայտարարած է, որ «լուրջ մտավախութիւններ» ունի անդամ-պետութեան` Թուրքիոյ գործողութիւններու կապակցութեամբ, բայց պնդած է, որ դաշինքը կարեւոր հարթակ է Անգարայի հետ կապուած վէճերը լուծելու համար, կը հաղորդէ Arab Weekly-ն: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի մէջ իր որոշ դաշնակիցները զայրացուցած է Յունաստանի հետ ծովային տարածքներու վէճի առնչութեամբ իր դիրքորոշմամբ եւ Սուրիոյ, Լիպիոյ ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններուն մէջ իր դերով: ՆԱԹՕ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ պիտի հաւաքուին Պրիւքսէլի մէջ՝ Պայտընի խուբի հետ անձնական հանդիպման համար: ՆԱԹՕ-ն շատոնց կը փորձէր հարթել Թուրքիոյ հետ ներքին տարաձայնութիւնները՝ մատնանշելով այն դերը, որ Անգարան խաղցած է միլիոնաւոր սուրիացի փախստականները տեղաւորելու եւ «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական
16 Մարտի 2021
3 ր. ընթերցում
ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարած է, որ «լուրջ մտավախութիւններ» ունի Թուրքիոյ գործողութիւններու կապակցութեամբ

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը յայտարարած է, որ «լուրջ մտավախութիւններ» ունի անդամ-պետութեան` Թուրքիոյ գործողութիւններու կապակցութեամբ, բայց պնդած է, որ դաշինքը կարեւոր հարթակ է Անգարայի հետ կապուած վէճերը լուծելու համար, կը հաղորդէ Arab Weekly-ն:

Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի մէջ իր որոշ դաշնակիցները զայրացուցած է Յունաստանի հետ ծովային տարածքներու վէճի առնչութեամբ իր դիրքորոշմամբ եւ Սուրիոյ, Լիպիոյ ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններուն մէջ իր դերով:

ՆԱԹՕ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ պիտի հաւաքուին Պրիւքսէլի մէջ՝ Պայտընի խուբի հետ անձնական հանդիպման համար:

ՆԱԹՕ-ն շատոնց կը փորձէր հարթել Թուրքիոյ հետ ներքին տարաձայնութիւնները՝ մատնանշելով այն դերը, որ Անգարան խաղցած է միլիոնաւոր սուրիացի փախստականները տեղաւորելու եւ «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական խմբաւորման դէմ պայքարի գործին մէջ:

Անցեալ տարի դաշինքը «հակամարտութիւններու կարգաւորման մեքենականութիւն» ստեղծած է, որպէսզի փորձէ խուսափիլ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բախումներէն, քանի որ Միջերկրական ծովի արեւելքին մէջ լարուածութիւնը կտրուկ աճած է։

Ատրպէյճանի դէմ կը կիրառուին ընթացիկ միջանկեալ միջոցներ 188 հայ գերիներու վերաբերեալ. Աննա Նաղդալեան
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի դէմ կը կիրառուին ընթացիկ միջանկեալ միջոցներ 188 հայ գերիներու վերաբերեալ. Աննա Նաղդալեան

«Ռուս-թրքական պայմանագիրը ստորագրումէն մէկ դար անց չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնը». Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ
Յաջորդ նիւթը

«Ռուս-թրքական պայմանագիրը ստորագրումէն մէկ դար անց չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնը». Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ

ԱնցնիլՎեր