Նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին գործունէութիւնը՝ Ղարաբաղի ու Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ

Սեպտեմբեր 28-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէռ-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:   Նախարարը ողջունած է ֆրանսացի ծերակուտականներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան՝ գնահատելով ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնն ու ցուցաբերուող շարունակական զօրակցութիւնը:  Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։ Միրզոյեան ֆրանսացի ծերակուտականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի զինեալ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ բարձր գնահատելով ֆրանսական կողմի հասցէական գնահատականները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Նախարարը յայտնած է, որ Ազերպայճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու լուծման հասնելու փորձերը անթոյլատրելի են եւ պէտք է դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ: Ան ընդգծած է Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան հաստատման
29 Սեպտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին գործունէութիւնը՝ Ղարաբաղի ու Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ

Սեպտեմբեր 28-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէռ-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:  

Նախարարը ողջունած է ֆրանսացի ծերակուտականներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան՝ գնահատելով ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնն ու ցուցաբերուող շարունակական զօրակցութիւնը: 

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։ Միրզոյեան ֆրանսացի ծերակուտականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի զինեալ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ բարձր գնահատելով ֆրանսական կողմի հասցէական գնահատականները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը:

Նախարարը յայտնած է, որ Ազերպայճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու լուծման հասնելու փորձերը անթոյլատրելի են եւ պէտք է դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ: Ան ընդգծած է Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ Ֆրանսայի կարեւոր դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։

Նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին գործունէութիւնը՝ Ծերակոյտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ու Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ

Նոյն օրը, վարչապետ Փաշինեան եւս ընդունած է ֆրանսական պատուիրակութիւնը։

 

Լիբանանի խորհրդարանը չկարողացաւ ընտրել երկրի նոր նախագահ
Նախորդ նիւթը

Լիբանանի խորհրդարանը չկարողացաւ ընտրել երկրի նոր նախագահ

Նոյն Հաւատքով Եւ Վերանորոգ Ուխտով.. Դէպի Նոր 100-ամեակ
Յաջորդ նիւթը

Նոյն Հաւատքով Եւ Վերանորոգ Ուխտով.. Դէպի Նոր 100-ամեակ

ԱնցնիլՎեր