Նախիջեւանի ուղղութեամբ կրակոց չէ արձանագրուած

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրը, թէ ՀՀ զինուած ուժերը կրակոցներ արձակած են Նախիջեւանի ուղղութեամբ: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: «Սա Ատրպէյճանի հերթական զառանցանքն է»,- նշած են ՀՀ ՊՆ-էն: Աւելի ուշ ՊՆ–ն տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ ըսուած է․ «Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ իբր հայկական կողմից արձակուած կրակոցից ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորուելու վերաբերեալ, հերթական բացայայտ սուտն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ կրակ չեն բացել։ Ըստ ամենայնի, ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորուելու պատճառները պէտք է փնտռել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ԶՈՒ զինծառայողների ներանձնային փոխյարաբերութիւնների որակներում եւ կարգապահութեան հետ կապուած
28 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Նախիջեւանի ուղղութեամբ կրակոց չէ արձանագրուած

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրը, թէ ՀՀ զինուած ուժերը կրակոցներ արձակած են Նախիջեւանի ուղղութեամբ:

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Սա Ատրպէյճանի հերթական զառանցանքն է»,- նշած են ՀՀ ՊՆ-էն:

Աւելի ուշ ՊՆ–ն տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ ըսուած է․ «Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ իբր հայկական կողմից արձակուած կրակոցից ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորուելու վերաբերեալ, հերթական բացայայտ սուտն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ կրակ չեն բացել։ Ըստ ամենայնի, ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորուելու պատճառները պէտք է փնտռել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ԶՈՒ զինծառայողների ներանձնային փոխյարաբերութիւնների որակներում եւ կարգապահութեան հետ կապուած խնդիրներում»։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, թէ, իբր, ՀՀ ԶՈՒ կողմէ Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ԶՈւ դիրքերը գնդակոծուած են, որու հետեւանքով ատրպէյճանցի զինծառայող վիրաւորուած է։

Ատրպէյճանցի զինուորականները Կութ գիւղի սահմանային հատուածին մէջ մի քանի կրակոց արձակած են. ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի զինուորականները Կութ գիւղի սահմանային հատուածին մէջ մի քանի կրակոց արձակած են. ՊՆ

Փաշինեանը Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին հրաւիրեց բանավէճի
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանը Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին հրաւիրեց բանավէճի

ԱնցնիլՎեր