Նամակ՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի նախագահ՝ Տիար Փիթըր Մաուրըրին՝ Երուսաղէմի Ռամկավար կուսակցութեան եւ Հայոց Եղբայրակցաց միութեան կողմէ՝ անոնց միջամտութիւնը պահանջելով՝ մեր ռազմագերիներուն ազատագրումը ապահովելու համար

Տիար Փիթըր Մաուրըր                                                                                   Երուսաղէմ, 27 Նոյեմբեր 2020 Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի նախագահ 19 Avenue de la Paix 1202 Geneva Շուէյցարիա   Տիար Մաուրըր, Երուսաղէմի Հայ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Երուսաղէմի Հայ Եղբայրակցաց միութեան անունով, կը փափաքինք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ազրպէյճանական բանակի կողմէ գերի բռնուած հայ ռազմագերիներուն ծանր վիճակին վրայ։ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին ձեռնարկուած ագրեսիայի ընթացքին, հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուեցան մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներ եւ քաղաքացիական հատուածին մէջ ծանր կորուստներ եղան՝ հայ քաղաքներուն եւ գիւղերուն վրայ անխտիր հրետակոծութիւններու հետեւանքով։   Քառասունչորս օրերու անցումէն ետք, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր մը։ Համաձայնագիրին 8-րդ յօդուածը կը
28 Նոյեմբերի 2020
6 ր. ընթերցում
A letter to Mr. Peter Maurer, the President of the ICRC by Jerusalem's Ramgavar party and the Hoyetchmen club, demanding their intervention to free our prisoners of war

Տիար Փիթըր Մաուրըր                                                                                   Երուսաղէմ, 27 Նոյեմբեր 2020

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի նախագահ

19 Avenue de la Paix

1202 Geneva

Շուէյցարիա

 

Տիար Մաուրըր,

Երուսաղէմի Հայ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Երուսաղէմի Հայ Եղբայրակցաց միութեան անունով, կը փափաքինք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ազրպէյճանական բանակի կողմէ գերի բռնուած հայ ռազմագերիներուն ծանր վիճակին վրայ։

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին ձեռնարկուած ագրեսիայի ընթացքին, հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուեցան մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներ եւ քաղաքացիական հատուածին մէջ ծանր կորուստներ եղան՝ հայ քաղաքներուն եւ գիւղերուն վրայ անխտիր հրետակոծութիւններու հետեւանքով։  

Քառասունչորս օրերու անցումէն ետք, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր մը։ Համաձայնագիրին 8-րդ յօդուածը կը յստակացնէ մարտական գործողութիւններու ընթացքին գերի բռնուածներուն անյապաղ փոխանակումը։ Ըստ սոցիալական մամուլի վրայ երեւցող ապացոյցներուն, տագնապալից վիճակի մէջ գտնուող հայ գերիները կ’ենթարկուին չափազանց դաժան խոշտանգումներու եւ Ազրպէյճան դեռ չէ կատարած իր գրաւոր պարտաւորութիւնը։ 

Տիար Նախագահ, մենք խիստ մտահոգ ենք ազրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող մեր գերիներուն անվտանգութեամբ եւ կեանքով։ Նախկին փորձառութիւններուն հիման վրայ, իւրաքանչիւր անցնող վայրկեան անմեղ մարդկային կեանքեր վտանգի կը մատնէ։ 

Նկատի ունենալով այս հարցին հրատապութիւնը, կ’աղաչենք ձեր անձնական միջամտութիւնը՝ փրկելու այս դժբախտ ռազմագերիներուն կեանքերը։

Մենք մեծ յարգանք եւ հարգանք ունինք ձեր դարաւոր կազմակերպութեան հանդէպ։ Ժամանակը ցոյց տուած է, որ Կարմիր Խաչը կատարած է իր վեհ առաքելութիւնը մարդկութեան բարօրութեան համար։

Յոյս ունինք, որ վերստին ձեր միջամտութիւնը բարենպաստ արդիւնք պիտի տայ։ 

Խնդրեմ ընդունիք մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը ձեր օգնութեան եւ ջանքերուն համար։

Յարգանքով՝

Երուսաղէմի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Շոհմէլեան
Երուսաղէմի Հայ Եղբայրակցաց միութեան ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ճերնազեան 

 

 

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի ուղերձը
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի ուղերձը

Անձամբ ՌԴ նախագահը կը զբաղուի գերիներու հարցով. Արա Աբրահամեան
Յաջորդ նիւթը

Անձամբ ՌԴ նախագահը կը զբաղուի գերիներու հարցով. Արա Աբրահամեան

ԱնցնիլՎեր