Այս նամակը գրուած է գանատահայ համայնքին անունով՝ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին։
Սիրելի Վարչապետ,
Ստորագրող կազմակերպութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն գանատահայ համայնքը, կը դիմեն Ձեզի եւ Գանատայի կառավարութեան՝ դատապարտելու ազրպէյճան-թրքական համատեղ ագրեսիան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ եւ առաջնորդ դեր ստանձնելու՝ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերելու համար։
Այս լայնածաւալ եւ անհրահրուած յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ այժմ կը մտնէ իր չորրորդ շաբաթը՝ առանց վերջին երեւոյթի, չնայած 9 Հոկտեմբեր 2020-ին միջնորդուած զինադադարին, որուն համաձայնեցան թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Ազրպէյճանը։ Ազրպէյճան կրկին խախտեց զինադադարը՝ Կիրակի 18 Հոկտեմբերին, մէկ օր առաջ կրկին յանձնառութիւն տալով զայն յարգելու։
Ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ Ազրպէյճան, քաջալերուած միջազգային հանրութեան լռութենէն, կը շարունակէ դիտաւորաբար թիրախ դարձնել քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ ենթակառոյցները՝ Շփման գիծէն հեռու, յատկապէս Ստեփանակերտը՝ Արցախի խիտ բնակեցուած մայրաքաղաքը։ Այս յարձակումները կը կազմեն պատերազմական յանցագործութիւններ եւ կը խախտեն միջազգային իրաւունքի ամէնէն հիմնական սկզբունքները։ Ազրպէյճան նաեւ չվարանեցաւ իր շարքերը լեցնել օտար ջիհատիստ վարձկաններով՝ Թուրքիոյ կողմէ հաւաքագրուած, աւելցնելով անկայունութիւն տարածաշրջանին։ Կանխատեսելիօրէն, ծանր մարդասիրական ճգնաժամ ծագեցաւ, յատկապէս որ Ազրպէյճան չվարանեցաւ թիրախ դարձնել հիւանդանոցներ եւ բուժարաններ։
Մինչ կը ողջունենք Օթաուայի կողմէ առայժմ առնուած բոլոր վճռական քայլերը, կը կոչ ընենք Գանատայի կառավարութեան՝ գանատահայ համայնքին անունով՝
- Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ վերահաստատելով Արցախի ժողովրդավար ժողովուրդին անօտարելի իրաւունքները՝ ինքնորոշման եւ ազատ, խաղաղութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ ապրելու համար;
- Ճանչնալ, որ Ազրպէյճան երբեք չի կրնար հաւակնիլ Արցախի բնակչութեան եւ տարածքին, զոր մինչեւ այսօր դիտաւորաբար կը ռմբակոծէ;
- Պատշաճ կերպով դատապարտել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անհրահրուած ագրեսիան եւ պատերազմական յանցագործութիւնները;
- Մշտապէս պահպանել զէնքի արտահանման կասեցումը Թուրքիոյ;
- Ապահովել անյապաղ եւ ուժեղ մարդասիրական օգնութիւն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեանը. եւ
- Առաջնորդ դեր ստանձնել՝ ներգրաւելու դաշնակիցներ եւ գործընկերներ եւ տեւական խաղաղութիւն բերելու տարածաշրջանին։
Ամուր եւ անսասան միջազգային դատապարտումը Ազրպէյճանի ռազմատենչ գործողութիւններուն անհրաժեշտ է՝ կանխելու համար սպառնացող տարածաշրջանային պատերազմ մը։ Աւելին, միջազգային հանրութիւնը պէտք է այժմ հաստատէ ակնյայտ ճշմարտութիւնը՝ ոչ մէկ հաւակնութիւն տարածքային ամբողջականութեան կրնայ ըլլալ ռումբերով՝ բնիկ բնակչութեան մը դէմ, որ ժողովրդավարօրէն եւ միանշանակօրէն արտայայտած է իր կամքը ինքնորոշման եւ անկախութեան համար։ Գանատան՝ հռչակաւոր իր պատմական եւ խոր կապուածութեամբ մարդու իրաւունքներուն՝ լաւ դիրքով մը կը գտնուի այս ջանքերը առաջնորդելու։
Համաշխարհային համաճարակի գագաթնակէտին, գրեթէ միաձայն կոչերու մէջ համագործակցութեան, խաղաղութեան եւ միասնութեան, Ազրպէյճան պէտք է վերջ դնէ իր ռազմատենչութեան։
ԳԱՆԱՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾԷ ՀԻՄԱ՝ ՆԱԽՔԱՆ ՈՐ ՈՒՇ Է։
Գանատահայ համայնքին անունով,
-L’Union des communautés arméniennes du Québec
-United Armenian Committee of British Columbia
-United Armenian Council of Ontario