Նաւթի մուրհակներու գիները չորեքշաբթի կրկին անկում ապրած են նախորդ աճուրդներու ընթացքին անկումէն ետք, քանի որ որոշ երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու աճը խաթարած է համաշխարհային պահանջարկի կայուն վերականգնման յոյսը, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Brent տեսակի նաւթի մուրհակները նուազած են 0,5 տոկոսով` հասնելով մէկ տակառի (պարել) դիմաց 39.59 տոլարի:
WTI նաւթի մուրհակները նուազած են 0,7 տոկոսով` մէկ տակառի դիմաց հասնելով 36.52 տոլարի: