Վրաստանը մուտքի նոր կանոններ սահմանած է

15 Սեպտեմբերէն Վրաստան մուտք գործող արտասահմանցիները պէտք է իրենց հետ ունենան 72-ժամեայ ՊՇՌ-քննութեան արդիւնք, կը հաղորդէ «Սփութնիք Կրուզիա»-ն: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան: Անոր խօսքով՝ այդ միջոցն անհրաժեշտ է ռիսքերը կառավարելու եւ իրավիճակը հսկելու համար: Վրաստան առանց պայմաններու իրաւունք ունին մուտք գործել միայն Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Լաթվիայի, Լիթվայի եւ Էսթոնիայի քաղաքացիները: Այս փուլին պիտի թոյլատրուի նաեւ եւս 13 երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը, այդ երկիրներու շարքին են՝ Սպանիա, Լիւքսեմպուրկ, Հոլանտա, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումինիա, Յունաստան, Շուէտ, Խորվաթիա, Իտալիա, Սլովաքիա, Իսլանտա եւ Կիպրոս: Այդ երկիրներու քաղաքացիները Վրաստան ժամանելէ ետք իրենց հաշուոյն քարանթին (մեկուսացում) պէտք է անցընեն: Համակարգող խորհուրդի որոշմամբ այժմ քարանթինի ժամկէտը 12-էն
9 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Վրաստանը մուտքի նոր կանոններ սահմանած է

15 Սեպտեմբերէն Վրաստան մուտք գործող արտասահմանցիները պէտք է իրենց հետ ունենան 72-ժամեայ ՊՇՌ-քննութեան արդիւնք, կը հաղորդէ «Սփութնիք Կրուզիա»-ն: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան:

Անոր խօսքով՝ այդ միջոցն անհրաժեշտ է ռիսքերը կառավարելու եւ իրավիճակը հսկելու համար:

Վրաստան առանց պայմաններու իրաւունք ունին մուտք գործել միայն Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Լաթվիայի, Լիթվայի եւ Էսթոնիայի քաղաքացիները:

Այս փուլին պիտի թոյլատրուի նաեւ եւս 13 երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը, այդ երկիրներու շարքին են՝ Սպանիա, Լիւքսեմպուրկ, Հոլանտա, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումինիա, Յունաստան, Շուէտ, Խորվաթիա, Իտալիա, Սլովաքիա, Իսլանտա եւ Կիպրոս: Այդ երկիրներու քաղաքացիները Վրաստան ժամանելէ ետք իրենց հաշուոյն քարանթին (մեկուսացում) պէտք է անցընեն: Համակարգող խորհուրդի որոշմամբ այժմ քարանթինի ժամկէտը 12-էն դարձած է 8 օր:  

Նաւթի համաշխարհային գիները կը շարունակեն նուազիլ «Քորոնա» ժահրի պատճառով
Նախորդ նիւթը

Նաւթի համաշխարհային գիները կը շարունակեն նուազիլ «Քորոնա» ժահրի պատճառով

Վնասուած բնակարաններու հատուցումներուն վճարումները կը շարունակուին
Յաջորդ նիւթը

Վնասուած բնակարաններու հատուցումներուն վճարումները կը շարունակուին

ԱնցնիլՎեր