Վնասուած բնակարաններու հատուցումներուն վճարումները կը շարունակուին

Չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձնման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը:  Նշենք, որ այսօր Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապէտ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան,  որ  մօտէն  ծանօթացած  ու իր գնահատականը տուած է  կատարուած   աշխատանքներուն։ Յայտնենք, որ անցնող երեք օրերուն ընթացքին 745 բնակարաններու ընտանիքներուն կատարուեցան նիւթական յատկացումներ: Նշեալ աշխատանքին կը հսկեն Վերականգնումի մարմինին անդամները` գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն: Աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ  օրերուն:
9 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Վնասուած բնակարաններու հատուցումներուն վճարումները կը շարունակուին

Չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձնման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը:

 Նշենք, որ այսօր Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապէտ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան,  որ  մօտէն  ծանօթացած  ու իր գնահատականը տուած է  կատարուած   աշխատանքներուն։

Յայտնենք, որ անցնող երեք օրերուն ընթացքին 745 բնակարաններու ընտանիքներուն կատարուեցան նիւթական յատկացումներ: Նշեալ աշխատանքին կը հսկեն Վերականգնումի մարմինին անդամները` գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն:

Աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ  օրերուն:

Վրաստանը մուտքի նոր կանոններ սահմանած է
Նախորդ նիւթը

Վրաստանը մուտքի նոր կանոններ սահմանած է

Մխիթարեանի գեղեցիկ կոլն ու «Ռոմա»ի յաղթանակը՝ 4։1
Յաջորդ նիւթը

Մխիթարեանի գեղեցիկ կոլն ու «Ռոմա»ի յաղթանակը՝ 4։1

ԱնցնիլՎեր