Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը 7 Յուլիսին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն։ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանն ու Վլատիմիր Փութինը պիտի քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական օրակարգին վերաբերող հարցեր: Կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքին, ռազմական գործողութիւններէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելուն, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու վերականգնման վերաբերող հարցեր։
6 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը 7 Յուլիսին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն։ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանն ու Վլատիմիր Փութինը պիտի քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքին, ռազմական գործողութիւններէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելուն, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու վերականգնման վերաբերող հարցեր։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

«Վերջին 3 տարուան մէջ Էրտողան խորտակած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը…». Փայլան
Յաջորդ նիւթը

«Վերջին 3 տարուան մէջ Էրտողան խորտակած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը…». Փայլան

ԱնցնիլՎեր