«Վերջին 3 տարուան մէջ Էրտողան խորտակած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը…». Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) տնտեսական գծով փոխնախագահ, մեճլիսի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան խօսած է Թուրքիոյ՝ նախագահական համակարգի անցնելէն յետոյ անցեալ 3 տարիներու տնտեսական ցուցանիշներու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը: Հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի խօսքերը այն մասին, որ նախագահական համակարգին անցնելէն յետոյ երկրի տնտեսութիւնը թռիչք պիտի արձանագրէ, ապա ներկայացուցած է շարք մը ցուցանիշեր: Ըստ այդմ՝ — Թրքական լիրան տոլարի նկատմամբ արժեզրկուած է՝ 4.55-էն հասնելով 8.70 լիրա/1տոլար ցուցանիշի: — Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աշխարհի մեծ տնտեսութիւններու շարքի 18-էն նահանջած է 20-րդ հորիզոնական: — Ազգային համախառն եկամուտը 860 միլիառ տոլարէն նուազած է 700 միլիառ՝ մէկ շունչի հաշուով 10600 տոլարէն
7 Հուլիսի 2021
4 ր. ընթերցում
«Վերջին 3 տարուան մէջ Էրտողան խորտակած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը…». Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) տնտեսական գծով փոխնախագահ, մեճլիսի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան խօսած է Թուրքիոյ՝ նախագահական համակարգի անցնելէն յետոյ անցեալ 3 տարիներու տնտեսական ցուցանիշներու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը:

Հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի խօսքերը այն մասին, որ նախագահական համակարգին անցնելէն յետոյ երկրի տնտեսութիւնը թռիչք պիտի արձանագրէ, ապա ներկայացուցած է շարք մը ցուցանիշեր:

Ըստ այդմ՝

— Թրքական լիրան տոլարի նկատմամբ արժեզրկուած է՝ 4.55-էն հասնելով 8.70 լիրա/1տոլար ցուցանիշի:

— Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աշխարհի մեծ տնտեսութիւններու շարքի 18-էն նահանջած է 20-րդ հորիզոնական:

— Ազգային համախառն եկամուտը 860 միլիառ տոլարէն նուազած է 700 միլիառ՝ մէկ շունչի հաշուով 10600 տոլարէն նուազելով 8500-ի:

— 2825 լիրա (326 տոլար) կազմող նուազագոյն աշխատավարձը աւելի ցած է, քան 2865 լիրա (330 տոլար) կազմող նուազագոյն զամբիւղի պարունակութիւնը:

— 2018-ին 29 միլիոն 265 հազար կազմող աշխատողներու թիւը 2021-ի ապրիլին կազմած է 28 միլիոն 83 հազար:

— Նախագահական համակարգի 3 տարուայ մէջ գործազուրկներու թիւը 10.8%-էն հասած է 13.9 միլիոն-ի՝ հատելով 10 միլիոնը:

— Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութեան 2021-ի Յունիսի տուեալներով՝ սպառողի համար գնաճը եղած է 17.5%, իսկ արտադրողի համար՝ 42.8%: Ընդհանուր գնաճի տոկոսը 30-էն բարձր  եղած է:

— 3 տարուայ մէջ ելեկտրականութիւնը թանկացած է 97, կազը՝ 93 տոկոսով:

Փայլան այս ամէնը կապած է Էրտողանի «մէկ մարդու ռեժիմի» հետ՝ յիշեցնելով տնտեսութեան վերաբերեալ Էրտողանի յայտնի արտայայտութիւնը՝ «Տնտեսութեան պատասխանատուն անձամբ ես եմ»:
 

Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի ՌԴ

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)
Յաջորդ նիւթը

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)

ԱնցնիլՎեր