Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ’իրականացնեն պարեկային ոստիկանները։ Իւրաքանչիւր հերթափոխի պիտի ըլլայ 41 մեքենայ: Պարեկային ծառայութիւնը պիտի փոխարինէ ՊՊԾ ու ճանապարհային ոստիկաններուն։ Սկզբնական շրջանին պարեկային ոստիկանները ծառայութիւն պիտի իրականացնեն միայն Երեւանի մէջ: Շաբաթներ անց ոստիկանական ակադեմիայի մէջ պիտի սկսի Լոռիի եւ Շիրակի մարզերու համար պարեկային ոստիկաններու ընդունելութիւնը։ Այս երկու մարզերը արդէն եկող տարուան գարնան պիտի ունենան պարեկային ոստիկաններ։ Արդէն երրորդ փուլին պիտի ըլլայ միւս մարզերու համար ընդունելութիւն։ Ամբողջ հանրապետութեան մէջ պարեկային ծառայութեան անցումը նախատեսուած է 2022 թուականի վերջը։ ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը ներկայացնէ աշխատանքի մեկնարկը լուսանկարներով:  
7 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ’իրականացնեն պարեկային ոստիկանները։ Իւրաքանչիւր հերթափոխի պիտի ըլլայ 41 մեքենայ:

Պարեկային ծառայութիւնը պիտի փոխարինէ ՊՊԾ ու ճանապարհային ոստիկաններուն։ Սկզբնական շրջանին պարեկային ոստիկանները ծառայութիւն պիտի իրականացնեն միայն Երեւանի մէջ: Շաբաթներ անց ոստիկանական ակադեմիայի մէջ պիտի սկսի Լոռիի եւ Շիրակի մարզերու համար պարեկային ոստիկաններու ընդունելութիւնը։

Այս երկու մարզերը արդէն եկող տարուան գարնան պիտի ունենան պարեկային ոստիկաններ։ Արդէն երրորդ փուլին պիտի ըլլայ միւս մարզերու համար ընդունելութիւն։ Ամբողջ հանրապետութեան մէջ պարեկային ծառայութեան անցումը նախատեսուած է 2022 թուականի վերջը։

ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը ներկայացնէ աշխատանքի մեկնարկը լուսանկարներով:

 

«Վերջին 3 տարուան մէջ Էրտողան խորտակած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը…». Փայլան
Նախորդ նիւթը

«Վերջին 3 տարուան մէջ Էրտողան խորտակած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը…». Փայլան

The delegation of the Central Board of the Ramkavar Azatakan Party visited the President of the Republic of Artsakh Arayik Harutyunyan
Յաջորդ նիւթը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

ԱնցնիլՎեր