Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

Կիրակի, 4 Յուլիս 2021-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վարչական անձնակազմի ներկայացուցիչները՝ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի տեղակալ Յակոբ Անտրէասեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին։ Պատուիրակութիւնը կը գտնուէր Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի գիւղատնտեսութեան հարցերով խորհրդականին, Արցախի ՌԱԿ ատենապետին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Պարտուղ (Սարիպեկ) Գալստեանի ընկերակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք ընկած շրջանի մարտահրաւէրները յաղթահարելու հարցեր։ Ողջունելով ՌԱԿ պատուիրակութեան այցը Արցախ, Նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախը հայկական պահելու միակ ճանապարհը բոլոր հայերու միասնութիւնն է եւ ջանքերու միացումը։ Այս համատեքստին մէջ ան նաեւ ընդգծեց Արցախի մէջ զանազան ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը դիւրացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնական ներուժը եւ միջոցները ուղղելով
7 Հուլիսի 2021
6 ր. ընթերցում
The delegation of the Central Board of the Ramkavar Azatakan Party visited the President of the Republic of Artsakh Arayik Harutyunyan

Կիրակի, 4 Յուլիս 2021-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վարչական անձնակազմի ներկայացուցիչները՝ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի տեղակալ Յակոբ Անտրէասեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին։

Պատուիրակութիւնը կը գտնուէր Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի գիւղատնտեսութեան հարցերով խորհրդականին, Արցախի ՌԱԿ ատենապետին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Պարտուղ (Սարիպեկ) Գալստեանի ընկերակցութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք ընկած շրջանի մարտահրաւէրները յաղթահարելու հարցեր։

Ողջունելով ՌԱԿ պատուիրակութեան այցը Արցախ, Նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախը հայկական պահելու միակ ճանապարհը բոլոր հայերու միասնութիւնն է եւ ջանքերու միացումը։

Այս համատեքստին մէջ ան նաեւ ընդգծեց Արցախի մէջ զանազան ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը դիւրացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնական ներուժը եւ միջոցները ուղղելով բնակարանաշինութեան եւ Արցախի ժողովուրդին համար իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութիւններ ստեղծելուն։

Անդրադառնալով 2020 թուականի աշնան տեղի ունեցած պատերազմին՝ Նախագահը նշեց, որ ան բոլոր հայերուն համար ծանր էր տանելիք բեռ մը, սակայն ժամանակն է նոր ազգային նպատակներ սահմանելու եւ նոր յաջողութիւններու ու յաղթանակներու հասնելու ուղղութեամբ աշխատելու։

Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը կը մնան մեր պետութեան առջեւ ծառացած առաջնահերթ խնդիրներէն։

Յակոբ Անտրէասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միշտ Արցախի կողքին է։

Ան շեշտեց, որ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ ՌԱԿ պէտք է շարունակէ աշխատիլ Մայր Հայրենիքի զարգացման եւ զօրացման ուղղութեամբ։

Կողմերը փոխանակեցին կարծիքներ Արցախի եւ ՌԱԿ-ի միջեւ համագործակցութեան ուղղութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցին կուսակցութեան կողմէ Արցախի մէջ ծրագրուած ապագայ ծրագիրները։

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

Այսօրուընէ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն պարեկային ոստիկանները (Լուսանկարներ)

«Քորոնա»ն չի նահանջեր. հաստատուած է 140 նոր դէպք, գրանցուած է՝ 1 մահ
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա»ն չի նահանջեր. հաստատուած է 140 նոր դէպք, գրանցուած է՝ 1 մահ

ԱնցնիլՎեր