Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ ծաղիկներ խոնարհած է աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի պատուոյն նոր տեղադրուած կիսանդրիի առաջ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին։ Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, կիսանդրիի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Ազնաւուրի ծննդեան 97-ամեակին՝ 22 Մայիսին, Փարիզի մէջ՝ Լատինական թաղամասի Օտէոնի հրապարակին մէջ: Քաղաքի այդ  հատուածի շէնքերէն մէկուն մէջ ապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած ու Ֆրանսա ապաստանած Ազնաւուրեանները: Կիսանդրիի հեղինակն է հայ քանդակագործ Ալիս Մելիքեանը։
2 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ ծաղիկներ խոնարհած է աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի պատուոյն նոր տեղադրուած կիսանդրիի առաջ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, կիսանդրիի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Ազնաւուրի ծննդեան 97-ամեակին՝ 22 Մայիսին, Փարիզի մէջ՝ Լատինական թաղամասի Օտէոնի հրապարակին մէջ: Քաղաքի այդ  հատուածի շէնքերէն մէկուն մէջ ապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած ու Ֆրանսա ապաստանած Ազնաւուրեանները:

Կիսանդրիի հեղինակն է հայ քանդակագործ Ալիս Մելիքեանը։

Մաքրոն. Ատրպէյճան պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը Հայաստանէն
Նախորդ նիւթը

Մաքրոն. Ատրպէյճան պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը Հայաստանէն

Վլատիմիր Կարապետեանը նշանակուած է Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան
Յաջորդ նիւթը

Վլատիմիր Կարապետեանը նշանակուած է Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան

ԱնցնիլՎեր