Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի նախաշեմին այցելած է մարտական դիրքեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի ուղեկցութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ այցելած է մարտական դիրքեր: Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է մարտական դիրքերու մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջայց կատարած յենակէտեր, ծանօթացած է առաջնագծին իրականացուած ճարտարապետական աշխատանքներուն, ծառայութեան անցկացման, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:   Նիկոլ Փաշինեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը զինուորներ։ Վարչապետը զինծառայողներուն մաղթած է բարի ու անվտանգ ծառայութիւն: «Բոլորիդ շնորհակալութիւն եմ յայտնում ծառայութեան համար եւ մաղթում բարի ծառայութիւն: Պէտք է հասկանանք, որ հեշտ չի լինելու, մենք այսօր այս դժուարութիւնը պիտի կրենք, որ վաղուայ սերնդի համար հեշտ լինի: Սա էլ մեր ճակատագիրն է եւ պէտք է այն պատուով, կամքով տանենք ու մեր խնդիրը լուծենք: Իսկ մեր
3 Հունվարի 2023
4 ր. ընթերցում
Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի նախաշեմին այցելած է մարտական դիրքեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի ուղեկցութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ այցելած է մարտական դիրքեր:

Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է մարտական դիրքերու մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջայց կատարած յենակէտեր, ծանօթացած է առաջնագծին իրականացուած ճարտարապետական աշխատանքներուն, ծառայութեան անցկացման, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:

 

Նիկոլ Փաշինեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը զինուորներ։ Վարչապետը զինծառայողներուն մաղթած է բարի ու անվտանգ ծառայութիւն: «Բոլորիդ շնորհակալութիւն եմ յայտնում ծառայութեան համար եւ մաղթում բարի ծառայութիւն: Պէտք է հասկանանք, որ հեշտ չի լինելու, մենք այսօր այս դժուարութիւնը պիտի կրենք, որ վաղուայ սերնդի համար հեշտ լինի: Սա էլ մեր ճակատագիրն է եւ պէտք է այն պատուով, կամքով տանենք ու մեր խնդիրը լուծենք: Իսկ մեր խնդիրը՝ ուժեղ պետութիւն ունենալն է, եւ այսօր, այո, մենք այդ հնարաւորութիւնն ունենք: Դա քաղաքական խնդիր է, մենք պէտք է այն լուծենք՝ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Զինուորականութիւնը մեզնից պէտք է պահանջի, մենք էլ իրենից»,- նշած է վարչապետը եւ շնորհաւորած բոլորի Ամանորը:    

Միասին յաղթելու ենք բոլոր դժուարութիւնները. Ռուբէն Վարդանեան
Նախորդ նիւթը

Միասին յաղթելու ենք բոլոր դժուարութիւնները. Ռուբէն Վարդանեան

Հանրապետության նախագահ Վահագն Խաչատուրյանի շնորհավորական ուղերձն Ամանորի առթիվ
Յաջորդ նիւթը

Հանրապետության նախագահ Վահագն Խաչատուրյանի շնորհավորական ուղերձն Ամանորի առթիվ

ԱնցնիլՎեր