Նիկոլ Փաշինեան զրուցած է Ֆրանսայի նախագահի հետ. քննարկած են Լաչինի միջանցքի հարցը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին յայտնեցին կառավարութենէն:  Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ արդէն առաւել քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը: Նախագահ Մաքրոն ընդգծեց Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ հաստատեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու նպաստել այդ հարցի լուծման: Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող հարցերու:
7 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Նիկոլ Փաշինեան զրուցած է Ֆրանսայի նախագահի հետ. քննարկած են Լաչինի միջանցքի հարցը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին յայտնեցին կառավարութենէն: 

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ արդէն առաւել քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը:

Նախագահ Մաքրոն ընդգծեց Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ հաստատեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու նպաստել այդ հարցի լուծման:

Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող հարցերու:

Մակունց քոնկրէսական Ճուտի Չուի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը
Նախորդ նիւթը

Մակունց քոնկրէսական Ճուտի Չուի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը

Պաքու դժգոհ է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով Իրանի աջակցութեան բացակայութենէն
Յաջորդ նիւթը

Պաքու դժգոհ է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով Իրանի աջակցութեան բացակայութենէն

ԱնցնիլՎեր