Նոյեմբեր 23-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1900 հա տարածք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 404 պայթիւնավտանգ առարկայ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ իր առաջադրանքներու կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Խաղաղապահներն իրավիճակի եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ’իրականացնեն 27 դիտակէտերէ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդուի, հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով: Ռուս խաղաղապահ զօրակազմն ապահովուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու վեց շարասիւնի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով: Ռուս խաղաղապահները կ’ապահովեն քաղաքացիներու տեղաշարժման անվտանգութիւնն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումը: Մարդասիրական արձագանգման ռուսական կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Վերջին մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 10 հա տարածք, 3 քմ ճանապարհ, յայտնաբերուած է 17 պայթիւնավտանգ առարկայ: Ընդհանուր
5 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Նոյեմբեր 23-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1900 հա տարածք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 404 պայթիւնավտանգ առարկայ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ իր առաջադրանքներու կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Խաղաղապահներն իրավիճակի եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ’իրականացնեն 27 դիտակէտերէ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդուի, հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով: Ռուս խաղաղապահ զօրակազմն ապահովուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու վեց շարասիւնի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով:

Ռուս խաղաղապահները կ’ապահովեն քաղաքացիներու տեղաշարժման անվտանգութիւնն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումը:

Մարդասիրական արձագանգման ռուսական կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն ականազերծման աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Վերջին մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 10 հա տարածք, 3 քմ ճանապարհ, յայտնաբերուած է 17 պայթիւնավտանգ առարկայ: Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի 23 նոյեմբերէն ի վեր չպայթած զինամթերքէ մաքրուած է 1900 հա տարածք, 583 քմ ճանապարհ, 1658 շինութիւն, այդ շարքին՝ 30 ընկերային նշանակութեան կառոյց: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 404 պայթիւնավտանգ առարկայ:  

ԱՄՆ քոնկրէսականները երկրի ղեկավարութենէն պահանջած են աւելի քան 100 մլն տոլար յատկացել Հայաստանին եւ Արցախին
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ քոնկրէսականները երկրի ղեկավարութենէն պահանջած են աւելի քան 100 մլն տոլար յատկացել Հայաստանին եւ Արցախին

Թոյլ մի տաք, որ  Լեռնային Ղարաբաղի եկեղեցիները  ոչնչացուին. ԵԽ պատգամաւորը կ'ահազանգէ
Յաջորդ նիւթը

Թոյլ մի տաք, որ  Լեռնային Ղարաբաղի եկեղեցիները  ոչնչացուին. ԵԽ պատգամաւորը կ’ահազանգէ

ԱնցնիլՎեր