Նորաբակի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու հետեւանքով 19-ամեայ զինծառայող զոհուած է․ ՊՆ

22 Նոյեմբերին, ժամը 18։10-ի սահմաններուն,Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի, մասնաւորապէս՝ Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Սուրէն Եուրիկի Սաֆարեանը (2002-ի ծնունդ)։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրէն Սաֆարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Ժամը 19։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։
22 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Նորաբակի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու հետեւանքով 19-ամեայ զինծառայող զոհուած է․ ՊՆ

22 Նոյեմբերին, ժամը 18։10-ի սահմաններուն,Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի, մասնաւորապէս՝ Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Սուրէն Եուրիկի Սաֆարեանը (2002-ի ծնունդ)։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրէն Սաֆարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ժամը 19։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։

Հայաստան Հիմնադրամը կ’իրագործէ Սիւնիքի համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ
Նախորդ նիւթը

Հայաստան Հիմնադրամը կ’իրագործէ Սիւնիքի համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ

Այս պահու դրութեամբ Թուրքիոյ հետ որեւէ բանակցային գործընթաց չընթանար. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ
Յաջորդ նիւթը

Այս պահու դրութեամբ Թուրքիոյ հետ որեւէ բանակցային գործընթաց չընթանար. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ

ԱնցնիլՎեր