Նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր անվտանգային բաղադրիչները

Արցախի խորհրդարանի խմբակցութիւններու ղեկավարներն այսօր հանդիպած են Արցախի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ։ Արցախի Ազգային Ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժնէն յայտնած են, որ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուները պարզաբանումներ ներկայացուցած են՝ յղում կատարելով 2020թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան. նշուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր անվտանգային բաղադրիչները՝ սկսած 5 քիլոմեթրանոց անվտանգային գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայում։ «Անդրադառնալով օգոստոսի սկզբին Ատրպէյճանի կողմից հրադադարի խախտումներին՝ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմը նշել է, որ կատարել են անհրաժեշտ եզրայանգումներ, միաժամանակ վստահեցրել են, որ լրացուցիչ ջանքեր կը գործադրեն՝ ապագայում նմանօրինակ խախտումները կանխելու եւ բնակչութեան
23 Օգոստոսի 2022
3 ր. ընթերցում
Նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր անվտանգային բաղադրիչները

Արցախի խորհրդարանի խմբակցութիւններու ղեկավարներն այսօր հանդիպած են Արցախի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ։

Արցախի Ազգային Ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժնէն յայտնած են, որ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուները պարզաբանումներ ներկայացուցած են՝ յղում կատարելով 2020թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան. նշուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր անվտանգային բաղադրիչները՝ սկսած 5 քիլոմեթրանոց անվտանգային գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայում։

«Անդրադառնալով օգոստոսի սկզբին Ատրպէյճանի կողմից հրադադարի խախտումներին՝ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմը նշել է, որ կատարել են անհրաժեշտ եզրայանգումներ, միաժամանակ վստահեցրել են, որ լրացուցիչ ջանքեր կը գործադրեն՝ ապագայում նմանօրինակ խախտումները կանխելու եւ բնակչութեան պատշաճ անվտանգութիւնն ապահովելու համար», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կառավարութիւնն ամէն օր պայքարում է Հայաստանի անկախութեան համար. Ն. Փաշինեանի ուղերձը՝ Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 32-րդ տարեդարձին
Նախորդ նիւթը

Կառավարութիւնն ամէն օր պայքարում է Հայաստանի անկախութեան համար. Ն. Փաշինեանի ուղերձը՝ Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 32-րդ տարեդարձին

ԱՄՆ իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու Ուքրանիան
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու Ուքրանիան

ԱնցնիլՎեր