Շարլ Միշէլ Երեւանին ու Պաքուին երկխօսութեան կոչ ըրած է

Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ղեկավար՝ Շարլ Միշէլ կրկին կոչ ըրած է Երեւանին եւ Պաքուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները լուծելու երկխօսութեան միջոցով։ Այս մասին Միշելը յայտարարած է «Արեւելեան գործընկերութեան» քաղաքացիական հասարակութեան համաժողովի» մասնակիցներու համար տեսագրուած ուղերձով։ «Ձգձգուած հակամարտութիւնները լուրջ մարտահրաւէր կը հանդիսանան «Արեւելեան գործընկերութեան» տարածաշրջանին համար։ Պէտք է նոր ջանքեր գործադրել, որպէսզի հակամարտութիւնները լուծուին միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ։ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դերակատարութիւն ստանձնելու հակամարտութիւններու կարգաւորման, զանոնք կանխելու ուղղութեամբ», յայտնած է Շարլ Միշէլ աւելցնելով,- «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը վկայեն, թէ որքան փխրուն է իրավիճակը։ Որեւէ կասկած չունիմ, միայն քաղաքական երկխօսութիւնն է, որ կրնայ յանգեցնել յարատեւ լուծման։ Երկու
6 Դեկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Շարլ Միշէլ Երեւանին ու Պաքուին երկխօսութեան կոչ ըրած է

Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ղեկավար՝ Շարլ Միշէլ կրկին կոչ ըրած է Երեւանին եւ Պաքուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները լուծելու երկխօսութեան միջոցով։ Այս մասին Միշելը յայտարարած է «Արեւելեան գործընկերութեան» քաղաքացիական հասարակութեան համաժողովի» մասնակիցներու համար տեսագրուած ուղերձով։

«Ձգձգուած հակամարտութիւնները լուրջ մարտահրաւէր կը հանդիսանան «Արեւելեան գործընկերութեան» տարածաշրջանին համար։ Պէտք է նոր ջանքեր գործադրել, որպէսզի հակամարտութիւնները լուծուին միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ։ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դերակատարութիւն ստանձնելու հակամարտութիւններու կարգաւորման, զանոնք կանխելու ուղղութեամբ», յայտնած է Շարլ Միշէլ աւելցնելով,- «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը վկայեն, թէ որքան փխրուն է իրավիճակը։ Որեւէ կասկած չունիմ, միայն քաղաքական երկխօսութիւնն է, որ կրնայ յանգեցնել յարատեւ լուծման։ Երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները եւս կրնան նպաստել անոր, կամուրջելով հանրութիւնները եւ աջակցելով հաշտեցման ուղղուած ջանքերուն»։

Սոչիի եռակողմ յայտարարութիւնը կը վերաբերի նաեւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձին. ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Սոչիի եռակողմ յայտարարութիւնը կը վերաբերի նաեւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձին. ԱԳՆ

Աւստրալիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը
Յաջորդ նիւթը

Աւստրալիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը

ԱնցնիլՎեր