Շնորհակալիք. Հանգուցեալ ընկ. Արա Ահարոնեանի յիշատակին

Արա Ահարոնեանի յիշատակին Այսու կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր մեր հարազատներուն, որոնք մխիթարեցին մեզ իրենց ցաւակցական խօսքերով, բացիկներով, հեռախօսային զանգերով ու էլեկտրոնային կապերով:  Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր մեր սիրելիներուն, ինչպէս նաեւ այն միութիւններուն, որոնք յուղարկաւորութեան օրը ծաղկեպսակներով յարգեցին հանգուցեալ Արային յիշատակը: Մասնաւոր շնորհակալութիւն  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Վաչէ Արք. Յովսէփեանին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեանին, Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանին, Պատուելի Ճօ Կարապետեանին, Արմենակ Վրդ. Պետրոսեանին, Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանին, Տէր Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեանին եւ Տէր Վիգէն Քհնյ. Վասիլեանին իրենց մխիթարական խօսքերուն համար: Շնորհակալութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական
2 Հուլիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Շնորհակալիք. Հանգուցեալ ընկ. Արա Ահարոնեանի յիշատակին
Արա Ահարոնեանի յիշատակին

Այսու կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր մեր հարազատներուն, որոնք մխիթարեցին մեզ իրենց ցաւակցական խօսքերով, բացիկներով, հեռախօսային զանգերով ու էլեկտրոնային կապերով:

 Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր մեր սիրելիներուն, ինչպէս նաեւ այն միութիւններուն, որոնք յուղարկաւորութեան օրը ծաղկեպսակներով յարգեցին հանգուցեալ Արային յիշատակը:

Մասնաւոր շնորհակալութիւն  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Վաչէ Արք. Յովսէփեանին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեանին, Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանին, Պատուելի Ճօ Կարապետեանին, Արմենակ Վրդ. Պետրոսեանին, Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանին, Տէր Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեանին եւ Տէր Վիգէն Քհնյ. Վասիլեանին իրենց մխիթարական խօսքերուն համար:

Շնորհակալութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան, օժանդակ մարմիններուն ու համայն անդամակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, ինչպէս նաեւ «Նոր Օր», «Մասիս», «Ասպարէզ», «Պայքար», «Armenian Observer», «Mirror Spectator» թերթերուն։

Յատուկ շնորհակալութիւն եկեղեցւոյ մէջ թէ հոգեճաշի ընթացքին իրենց սրտի խօսքերը արտայայտողներուն։

Ահարոնեան, Սարուխանեան, Կանիմեան եւ Տեփանեան ընտանիքներ

Լոս Անճելըս, 25 Յունիս 2021

Ընտրութիւններու արդիւնքները կու գան վկայելու Ձեր եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վայելած ժողովրդական աջակցութեան մասին. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորագիրը
Նախորդ նիւթը

Ընտրութիւններու արդիւնքները կու գան վկայելու Ձեր եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վայելած ժողովրդական աջակցութեան մասին. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորագիրը

Լոս Անճելոս. ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Պրն. Արման Պապաճանեանի հետ
Յաջորդ նիւթը

Լոս Անճելոս. ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Պրն. Արման Պապաճանեանի հետ

ԱնցնիլՎեր