Ոչ եւս է Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի նուիրեալներէն՝ Ընկ. Վարդան Գահգէճեանը

Երուսաղէմի մէջ, Չորեքշաբթի, 12 Յունուար, 2022-ին, իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Տեղեաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներէն ՝ Ընկ. Վարդան Գահգէճեանը։ Ընկ. Վարդան եղած է Հ.Ե.Մ.-ի վարչական անդամ եւ փոխ-ատենապետ: 2019-ին արժանացած է միութեան նուիրեալ անդամ տիտղոսին։ Ան որպէս ռամկավար, Հ.Ե.Մ.ական անդամ իր կատարած ծառայութեամբ մեծ վաստակ ունեցած է յատկապէս Երուսաղէմի ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ: Բարեխիղճ եւ ծառայասէր գործիչի իր բարի համբավով վայելած է իր ընկերական միջավայրի անկեղծ յարգանքը: Ընկ. Գահգէճեանի նման անբասիր մարդոց հեռացումը մեր շրջապատէն ու կուսակցական կեանքէն ծանր կորուստ է բոլորիս համար: Անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ որպէս ազնիւ, կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին հաւատարիմ, նուիրեալ
15 Հունվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Ոչ եւս է Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի նուիրեալներէն՝ Ընկ. Վարդան Գահգէճեանը

Երուսաղէմի մէջ, Չորեքշաբթի, 12 Յունուար, 2022-ին, իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Տեղեաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներէն ՝ Ընկ. Վարդան Գահգէճեանը։

Ընկ. Վարդան եղած է Հ.Ե.Մ.-ի վարչական անդամ եւ փոխ-ատենապետ: 2019-ին արժանացած է միութեան նուիրեալ անդամ տիտղոսին։

Ան որպէս ռամկավար, Հ.Ե.Մ.ական անդամ իր կատարած ծառայութեամբ մեծ վաստակ ունեցած է յատկապէս Երուսաղէմի ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ: Բարեխիղճ եւ ծառայասէր գործիչի իր բարի համբավով վայելած է իր ընկերական միջավայրի անկեղծ յարգանքը:

Ընկ. Գահգէճեանի նման անբասիր մարդոց հեռացումը մեր շրջապատէն ու կուսակցական կեանքէն ծանր կորուստ է բոլորիս համար: Անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ որպէս ազնիւ, կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին հաւատարիմ, նուիրեալ ընկեր:

Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին, զաւկին, հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերներուն:

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր բարի հոգիին:

Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին
Նախորդ նիւթը

Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Աւստրալիոյ յունական եւ կիպրական համայնքները կառավարութեան կոչ ուղղած են ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնները
Յաջորդ նիւթը

Աւստրալիոյ յունական եւ կիպրական համայնքները կառավարութեան կոչ ուղղած են ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնները

ԱնցնիլՎեր