Ոստիկանական ջոկատ մը հերթապահութիւն կատարելու նպատակով Արցախ մեկնեցաւ

ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու հերթական մարտական հերթափոխը օրերս մեկնած է սահման: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան վարչութենէն: Անոնց դիրքեր ճանապարհած է ոստիկանութեան պետ, ոստիկանութեան զօրավար Վալերի Օսիպեանը։ «Դուք մերօրեայ հերոսներն էք: Մենք ու ողջ ազգը կը հպարտանայ ձեզմով, որ մեր զինուորներուն հետ թեւ ու թիկունք եղած կը պահպանէք պետական սահմանը: Բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն»,- սահմանապահներուն ըսած է Վալերի Օսիպեանը: Ոստիկանութեան պետի ելոյթէն ետք ոստիկանները աղօթած են եւ երդուած անձնուիրաբար պահել պետական սահմանի մարտական դիրքը։  Ճանապարհման հանդիսաւոր արարողութիւնը աւարտած է հանդիսաւոր երթով: Յաջորդ օրը, դիրքերէն վերադարձած են մարտական հերթապահութիւնը ծառայակից ընկերներուն յանձնած ոստիկանները։ Վալերի Օսիպեանը անոնց շնորհակալութիւն յայտնած է անձնուիրաբար ծառայութեան համար: Սահմանէն վերադարձած ոստիկանները քանի մը օր պիտի հանգստանան, որմէ ետք պիտի անցնին հասարակական կարգի պահպանութեան:
24 Օգոստոսի 2019
3 ր. ընթերցում
Ոստիկանական ջոկատ մը հերթապահութիւն կատարելու նպատակով Արցախ մեկնեցաւ

ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու հերթական մարտական հերթափոխը օրերս մեկնած է սահման: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան վարչութենէն:

Անոնց դիրքեր ճանապարհած է ոստիկանութեան պետ, ոստիկանութեան զօրավար Վալերի Օսիպեանը։

«Դուք մերօրեայ հերոսներն էք: Մենք ու ողջ ազգը կը հպարտանայ ձեզմով, որ մեր զինուորներուն հետ թեւ ու թիկունք եղած կը պահպանէք պետական սահմանը: Բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն»,- սահմանապահներուն ըսած է Վալերի Օսիպեանը:

Ոստիկանութեան պետի ելոյթէն ետք ոստիկանները աղօթած են եւ երդուած անձնուիրաբար պահել պետական սահմանի մարտական դիրքը։ 

Ճանապարհման հանդիսաւոր արարողութիւնը աւարտած է հանդիսաւոր երթով:

Յաջորդ օրը, դիրքերէն վերադարձած են մարտական հերթապահութիւնը ծառայակից ընկերներուն յանձնած ոստիկանները։ Վալերի Օսիպեանը անոնց շնորհակալութիւն յայտնած է անձնուիրաբար ծառայութեան համար:

Սահմանէն վերադարձած ոստիկանները քանի մը օր պիտի հանգստանան, որմէ ետք պիտի անցնին հասարակական կարգի պահպանութեան:

Վաղարշակ Յարութիւնեանը  դարձեալ   բանակի զօրավարի  կոչումին արժանացաւ
Նախորդ նիւթը

Վաղարշակ Յարութիւնեանը դարձեալ բանակի զօրավարի կոչումին արժանացաւ

Անկախութեան տօնին առթիւ Փաշինեան շնորհաւորանք յղեց Ուքրանիոյ նախագահին
Յաջորդ նիւթը

Անկախութեան տօնին առթիւ Փաշինեան շնորհաւորանք յղեց Ուքրանիոյ նախագահին

ԱնցնիլՎեր