Որոնողափրկարարական ջոկատին թույլ չեն տուած մտնել Ֆիզուլի․ Արցախի ԱԻՊԾ

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան որոնողափրկարարական աշխատանք իրականացնող երեք խումբերուն, 29 դեկտեմբերն, թոյլ չեն տուած մեկնիլ Ֆիզուլի: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։ «Որոնողափրկրարական խումբը, նախօրօք պայմանաւորուածութեան համաձայն, մեկնել էր Ֆիզուլի, սակայն ատրպէյճանցիները թոյլ չեն տուել այնտեղ որոնողական աշխատանքներ կատարել։ Հիմա որոնողական աշխատանքներ են ընթանում Հատրութում, Ճապրայիլում, Ղուպաթլուում, Զանգելանում եւ Սիւնիքի մարզի Խնձորեսք գիւղի մերձակայքում»,- աւելցուցած է Յունան Թադեւոսեան: Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած է 1111 զոհուած զինծառայողի մարմին: Նշենք, որ երէկ ատրպէյճանցիները որոնողափրկարարական աշխատանք իրականացնող երեք խումբերու թոյլ չէին տուած մտնել Հատրութ:
30 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Որոնողափրկարարական ջոկատին թույլ չեն տուած մտնել Ֆիզուլի․ Արցախի ԱԻՊԾ

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան որոնողափրկարարական աշխատանք իրականացնող երեք խումբերուն, 29 դեկտեմբերն, թոյլ չեն տուած մեկնիլ Ֆիզուլի: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։

«Որոնողափրկրարական խումբը, նախօրօք պայմանաւորուածութեան համաձայն, մեկնել էր Ֆիզուլի, սակայն ատրպէյճանցիները թոյլ չեն տուել այնտեղ որոնողական աշխատանքներ կատարել։ Հիմա որոնողական աշխատանքներ են ընթանում Հատրութում, Ճապրայիլում, Ղուպաթլուում, Զանգելանում եւ Սիւնիքի մարզի Խնձորեսք գիւղի մերձակայքում»,- աւելցուցած է Յունան Թադեւոսեան:

Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած է 1111 զոհուած զինծառայողի մարմին:

Նշենք, որ երէկ ատրպէյճանցիները որոնողափրկարարական աշխատանք իրականացնող երեք խումբերու թոյլ չէին տուած մտնել Հատրութ:

Նայիրա Զոհրապեանը այսուհետեւ ԱԺ յանձնաժողովի նախագահը չէ. «Իմ Քայլը» դադրեցուց իր լիազօրութիւնները
Նախորդ նիւթը

Նայիրա Զոհրապեանը այսուհետեւ ԱԺ յանձնաժողովի նախագահը չէ. «Իմ Քայլը» դադրեցուց իր լիազօրութիւնները

2020 Թուականին առնուազն 50 լրագրող սպաննուած է
Յաջորդ նիւթը

2020 Թուականին առնուազն 50 լրագրող սպաննուած է

ԱնցնիլՎեր