Ուաշինկթընը Անգարային կոչ կ’ընէ հրաժարելու Ռուսաստանէն զէնքի հետագայ գնումներէն

Ուաշինկթըն Անգարային եւ ԱՄՆ-ի բոլոր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կոչ կ’ընէ հրաժարելու Ռուսաստանէն զէնքի եւ ռազմական սարքաւորումներու հետագայ գնումներէն: Այս մասին լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ժամանակ ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 զենիթահրթիռային համակարգերու (SAM) գնման հետ կապուած իրավիճակը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: Ան յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ն ու Թուրքիան կը կարողանան դրական առաջընթաց արձանագրել այս հարցով: «Այնուամենայնիւ, ապագայի համար շատ կարեւոր է, որ Թուրքիան եւ, ԱՄՆ-ի բոլոր դաշնակիցներն ու գործընկերները խուսափին ռուսական զէնքի հետագայ ձեռքբերումներէն, ներառեալ լրացուցիչ С-400 համակարգերու, որ Ռուսաստանին կ’ապահովէ եկամուտներ, հասանելիութիւն եւ ազդեցութիւն: Կրկին՝ Ռուսաստանի պաշտպանական կազմակերպութիւններու հետ որեւէ նշանակալի գործարք
29 Ապրիլի 2021
5 ր. ընթերցում
Ուաշինկթընը Անգարային կոչ կ'ընէ հրաժարելու Ռուսաստանէն զէնքի հետագայ գնումներէն

Ուաշինկթըն Անգարային եւ ԱՄՆ-ի բոլոր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կոչ կ’ընէ հրաժարելու Ռուսաստանէն զէնքի եւ ռազմական սարքաւորումներու հետագայ գնումներէն: Այս մասին լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ժամանակ ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 զենիթահրթիռային համակարգերու (SAM) գնման հետ կապուած իրավիճակը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Ան յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ն ու Թուրքիան կը կարողանան դրական առաջընթաց արձանագրել այս հարցով: «Այնուամենայնիւ, ապագայի համար շատ կարեւոր է, որ Թուրքիան եւ, ԱՄՆ-ի բոլոր դաշնակիցներն ու գործընկերները խուսափին ռուսական զէնքի հետագայ ձեռքբերումներէն, ներառեալ լրացուցիչ С-400 համակարգերու, որ Ռուսաստանին կ’ապահովէ եկամուտներ, հասանելիութիւն եւ ազդեցութիւն: Կրկին՝ Ռուսաստանի պաշտպանական կազմակերպութիւններու հետ որեւէ նշանակալի գործարք կրնայ ենթակայ ըլլալ օրէնքին՝ CAATSA-ին, ի լրումն արդէն կիրառուած պատժամիջոցներուն»,- ըսած է ան:

Պլինքընի համաձայն՝ Թուրքիոյ կողմէ С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելը ուղղակիօրէն կը հակասէ 2016-ին Վարշավայի մէջ կայացած գագաթաժողովին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ստանձնած պարտաւորութիւններուն: «Այն ժամանակ մասնակիցները պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էին կրճատել, այլ ոչ թէ ընդլայնել կախուածութիւնը ռուսական սարքաւորումներէն»,- յիշեցուցած է պետական քարտուղարը: «С-400-ի ձեռքբերումը սպառնալիքի տակ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներու ռազմական արհեստագիտութիւնները, կը խարխլէ ՆԱԹՕ-ի ամբողջականութիւնը,  դաշինքին մէջ փոխգործունակութիւնը, որ կարեւոր է արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ որեւէ հնարաւոր մարտահրաւէրներուն արձագանգելու համար: Այն նաեւ զգալի նիւթական միջոցներ կը տրամադրէ Ռուսաստանի պաշտպանական հատուածին, Ռուսաստանին կը տրամադրէ հասանելիութիւն Թուրքիոյ զինուած ուժերուն, թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան»։

Ունենք յստակ տեղեկութիւն, որ 1-2 ամսուան ընթացքին հայ գերիներու վերադարձի դրական տեղաշարժ պիտի ըլլայ. Սիրանուշ Սահակեան
Նախորդ նիւթը

Ունենք յստակ տեղեկութիւն, որ 1-2 ամսուան ընթացքին հայ գերիներու վերադարձի դրական տեղաշարժ պիտի ըլլայ. Սիրանուշ Սահակեան

Պատուաստուած քաղաքացիները կարիք չեն ունենար ճամբորդելու ժամանակ PCR քննութիւն յանձնելու. Նախարար
Յաջորդ նիւթը

Պատուաստուած քաղաքացիները կարիք չեն ունենար ճամբորդելու ժամանակ PCR քննութիւն յանձնելու. Նախարար

ԱնցնիլՎեր