«Ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարենք». Զասը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի մասին

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զաս ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարէ եւ համոզուած է, որ հակասութիւնները կարգաւորելու համար պէտք է օգտագործուին բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներ: Բացի այդ Զաս ողջունած է տարածաշրջանի իրավիճակի կայունացման ուղղուած Ռուսաստանի ջանքերը: Սա ըստ էութեան ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պատասխանն էր հայ-ատրպէյճանական սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդներ տեղակայելու Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի նախաձեռնութեան: Ի դէպ՝ Սեպտեմբերին Հայաստանը պիտի ստանձնէ նախագահութիւնը այս կազմակերպութեան: Քրեմլինը չէ մեկնաբանած Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով ռուսական սահմանապահներ տեղակայելու գաղափարը: Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքովը: «Երեւանի հետ շփումները կը շարունակուին, ես աւելցնելու բան չունիմ», — ըսած է
30 Հուլիսի 2021
6 ր. ընթերցում
«Ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարենք». Զասը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի մասին

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զաս ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարէ եւ համոզուած է, որ հակասութիւնները կարգաւորելու համար պէտք է օգտագործուին բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներ:

Բացի այդ Զաս ողջունած է տարածաշրջանի իրավիճակի կայունացման ուղղուած Ռուսաստանի ջանքերը:

Սա ըստ էութեան ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պատասխանն էր հայ-ատրպէյճանական սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդներ տեղակայելու Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի նախաձեռնութեան:

Ի դէպ՝ Սեպտեմբերին Հայաստանը պիտի ստանձնէ նախագահութիւնը այս կազմակերպութեան:

Քրեմլինը չէ մեկնաբանած Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով ռուսական սահմանապահներ տեղակայելու գաղափարը: Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքովը:

«Երեւանի հետ շփումները կը շարունակուին, ես աւելցնելու բան չունիմ», — ըսած է Փեսքով՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէ՞ս Քրեմլինը կը դիտէ Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը՝ փոխարէնը շեշտելով, թէ Ռուսաստանը մեծ ջանքեր կը գործադրէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու ուղղութեամբ:

Բացի Փեսքովէն՝ Փաշինեանի այսօրուայ առաջարկութեան արձագանգած է նաեւ Պետտումայի ԱՊՀ հարցերու յանձնաժողովի ղեկավար՝ Լեոնիտ Քալաշնիքովը, որ յայտնի է իր ատրպէյճանամէտ յայտարարութիւններով: Պետտումայի պատգամաւորը ակնարկած է, որ դժուար թէ ՀԱՊԿ-ը համաձայնի դիտորդներ ուղարկել հայ-ատրպէյճանական սահման՝ նկատելով, թէ Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է, եւ Փաշինեանը կը հասկնայ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դիրքորոշումը: Պատգամաւորի խօսքով՝ հարցը շատ բարդ է եւ առաջին հերթին այն պէտք է լուծեն երեք առաջնորդները՝ Փութինը, Ալիեւը եւ Փաշինեանը:

Մոսկուայէն ուշադրութեամբ կը հետեւին հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող զարգացումներուն: Երէկ Ռուսաստանի նախագահը անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարած է, որու ժամանակ նաեւ քննարկուած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին:

Ատրպէյճանական ԱԹՍ-ի բեկորներն ինկած են Վանեվան գիւղէն 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս. ՀՀ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանական ԱԹՍ-ի բեկորներն ինկած են Վանեվան գիւղէն 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս. ՀՀ ՊՆ

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ՝ 30 Յուլիսին
Յաջորդ նիւթը

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ՝ 30 Յուլիսին

ԱնցնիլՎեր