Ատրպէյճանական ԱԹՍ-ի բեկորներն ինկած են Վանեվան գիւղէն 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս. ՀՀ ՊՆ

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, 29 Յուլիսին, ժամը 23։00-էն սկսած, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ արձանագրուած են ԱԹՍ-ներու՝ ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձեր։ ՀՀ ԶՈՒ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու գործողութիւններու շնորհիւ բոլոր փորձերը կասեցուած են։ «Մասնաւորապէս՝ խոցուել է Ատրպէյճանի ԶՈՒ սպառազինութեան մէջ գտնուող «Aerostar» տիպի ԱԹՍ, որի բեկորներն ընկել են Գեղարքունիքի մարզի Վանեվան գիւղից 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս։ Հայաստանեան ԶԼՄ-ներին եւ ընկերայինն ցանցերի օգտատէրերին եւս մի անգամ կոչ ենք անում չտարածել չճշդուած, առաւել եւս` ակնյայտ խեղաթիւրուած եւ խուճապ առաջացնող  տեղեկութիւններ եւ առաջնորդուել պաշտպանական գերատեսչութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւններով:  ՀՀ զինուած ուժերը լիարժէք կատարում է իր առջեւ դրուած խնդիրները», նշուած է
30 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական ԱԹՍ-ի բեկորներն ինկած են Վանեվան գիւղէն 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս. ՀՀ ՊՆ

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, 29 Յուլիսին, ժամը 23։00-էն սկսած, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ արձանագրուած են ԱԹՍ-ներու՝ ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձեր։ ՀՀ ԶՈՒ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու գործողութիւններու շնորհիւ բոլոր փորձերը կասեցուած են։

«Մասնաւորապէս՝ խոցուել է Ատրպէյճանի ԶՈՒ սպառազինութեան մէջ գտնուող «Aerostar» տիպի ԱԹՍ, որի բեկորներն ընկել են Գեղարքունիքի մարզի Վանեվան գիւղից 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս։

Հայաստանեան ԶԼՄ-ներին եւ ընկերայինն ցանցերի օգտատէրերին եւս մի անգամ կոչ ենք անում չտարածել չճշդուած, առաւել եւս` ակնյայտ խեղաթիւրուած եւ խուճապ առաջացնող  տեղեկութիւններ եւ առաջնորդուել պաշտպանական գերատեսչութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւններով: 

ՀՀ զինուած ուժերը լիարժէք կատարում է իր առջեւ դրուած խնդիրները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կասեցուած են ԱԹՍ-ներու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձերը․ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Կասեցուած են ԱԹՍ-ներու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձերը․ ՊՆ

«Ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարենք». Զասը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի մասին
Յաջորդ նիւթը

«Ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարենք». Զասը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի մասին

ԱնցնիլՎեր