Ուքրանիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է ռազմական դրութիւնը եւ համընդհանուր զօրահաւաքը 3 ամիսով երկարաձգելուն

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ռատայի (Գերագոյն խորհուրդ) հաստատման ներկայացուցած է միաժամանակ երկու օրինագիծ՝ ռազմական դրութիւնը եւ համընդհանուր զօրահաւաքը երկարաձգելու մասին, գրած է ԹԱՍՍ-ը: Ուքրանիոյ խորհրդարանը կողմ քուէարկած է ռազմական դրութեան եւ համընդհանուր զօրահաւաքի՝ 3 ամիսով երկարաձգման։ Ռազմական դրութեան եւ զօրահաւաքի գործողութեան ժամկէտը կը լրանայ 24 մայիսին: «Ռատան քուէարկած է ռազմական դրութեան ժամկէտը 3 ամիսով՝ մինչեւ 23 օգոստոսը, երկարաձգելու օգտին։ Նաեւ երեք ամիսով երկարացուած է զօրահաւաքը»,- յայտնած է լրատուական գործակալութիւնը։ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական դրութիւնը մտցուած է 24 փետրուարին եւ քանի մը անգամ երկարաձգուած է։ Նախորդ անգամ երկարաձգման ժամկէտը 90 օր էր։  
6 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Ուքրանիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է ռազմական դրութիւնը եւ համընդհանուր զօրահաւաքը 3 ամիսով երկարաձգելուն

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ռատայի (Գերագոյն խորհուրդ) հաստատման ներկայացուցած է միաժամանակ երկու օրինագիծ՝ ռազմական դրութիւնը եւ համընդհանուր զօրահաւաքը երկարաձգելու մասին, գրած է ԹԱՍՍ-ը:

Ուքրանիոյ խորհրդարանը կողմ քուէարկած է ռազմական դրութեան եւ համընդհանուր զօրահաւաքի՝ 3 ամիսով երկարաձգման։

Ռազմական դրութեան եւ զօրահաւաքի գործողութեան ժամկէտը կը լրանայ 24 մայիսին:

«Ռատան քուէարկած է ռազմական դրութեան ժամկէտը 3 ամիսով՝ մինչեւ 23 օգոստոսը, երկարաձգելու օգտին։ Նաեւ երեք ամիսով երկարացուած է զօրահաւաքը»,- յայտնած է լրատուական գործակալութիւնը։

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական դրութիւնը մտցուած է 24 փետրուարին եւ քանի մը անգամ երկարաձգուած է։ Նախորդ անգամ երկարաձգման ժամկէտը 90 օր էր։

 

Արարատ Միրզոյեան կ'այցելէ Գերմանիա
Նախորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեան կ’այցելէ Գերմանիա

Մակունց քոնկրէսական Ճուտի Չուի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը
Յաջորդ նիւթը

Մակունց քոնկրէսական Ճուտի Չուի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը

ԱնցնիլՎեր