Չորս հիւանդ Ստեփանակերտէն տեղափոխուած է Երեւան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն չորս հիւանդներ, այսօր՝ 23 յունուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ վեց հիւանդները տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Արցախի Հանրապետութեանառողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։ «Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ 12 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ: «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ի մէջ 11 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։ Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 46 հիւանդ։
23 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Չորս հիւանդ Ստեփանակերտէն տեղափոխուած է Երեւան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն չորս հիւանդներ, այսօր՝ 23 յունուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ վեց հիւանդները տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

Արցախի Հանրապետութեանառողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ 12 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ի մէջ 11 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 46 հիւանդ։

Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է, պէտք է շտապ լուծումներ գտնել․ Թոյվօ Քլաարը Երեւան է
Նախորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է, պէտք է շտապ լուծումներ գտնել․ Թոյվօ Քլաարը Երեւան է

Ալիեւ կը շարունակէ միջազգային բոլոր գործընկերները համոզել, որ Լաչինի միջանցքը բաց է․ Մարուքեան
Յաջորդ նիւթը

Ալիեւ կը շարունակէ միջազգային բոլոր գործընկերները համոզել, որ Լաչինի միջանցքը բաց է․ Մարուքեան

ԱնցնիլՎեր