Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է հարաւարեւելեան սահմանագօտի

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Հայաստանի հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագօտի, ուր անոր զեկուցուած է սահմանագօտիի երկայնքով իրականացուած լայնածաւալ երկրաչափական, ամրաշինական աշխատանքներու մասին: Տեղեկութիւնը յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։ «Մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասի հրամանատարը ներկայացրել է իրադրութիւնն առաջնագծում: Պապիկեանը զրուցել է առաջնագծում պահպանութիւն իրականացնող ժամկէտային անձնակազմի հետ, զգօն ու անվտանգ ծառայութիւն մաղթել հայրենիքի պաշտպաններին»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարն այցելած է զօրամասի ենթակայ ստորաբաժանումներէն մէկուն համար նոր կառուցուած մշտական տեղակայման վայր, շրջած է շինարարական հրապարակը, հետեւած կառուցապատման աշխատանքներուն: Զօրամասն ապահովուած պիտի ըլլայ յարմարաւէտ զօրանոցներով, շտաբային, թիկունքային, ճաշարանային շէնք-շինութիւններով, առանձին նշանակութեան ենթակառոյցներով: Պապիկեան շինարարութեան պատասխանատուներուն յանձնարարած է
2 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է հարաւարեւելեան սահմանագօտի

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Հայաստանի հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագօտի, ուր անոր զեկուցուած է սահմանագօտիի երկայնքով իրականացուած լայնածաւալ երկրաչափական, ամրաշինական աշխատանքներու մասին: Տեղեկութիւնը յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասի հրամանատարը ներկայացրել է իրադրութիւնն առաջնագծում: Պապիկեանը զրուցել է առաջնագծում պահպանութիւն իրականացնող ժամկէտային անձնակազմի հետ, զգօն ու անվտանգ ծառայութիւն մաղթել հայրենիքի պաշտպաններին»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարն այցելած է զօրամասի ենթակայ ստորաբաժանումներէն մէկուն համար նոր կառուցուած մշտական տեղակայման վայր, շրջած է շինարարական հրապարակը, հետեւած կառուցապատման աշխատանքներուն: Զօրամասն ապահովուած պիտի ըլլայ յարմարաւէտ զօրանոցներով, շտաբային, թիկունքային, ճաշարանային շէնք-շինութիւններով, առանձին նշանակութեան ենթակառոյցներով:

Պապիկեան շինարարութեան պատասխանատուներուն յանձնարարած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել շինութիւններու անվտանգային նորմերուն, ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան պահման վայրերուն, ինչպէս նաեւ խստօրէն պահել շէնքերու ամրաշինական չափորոշիչները:

Զօրամասը նախատեսուած է շահագործման յանձնել այս տարուան երկրորդ կէսին:

Բացառուած է Ատրպէյճանի հետ որեւէ համարկման գործընթաց. Յարութիւնեան ներկայացուց նոր պետական նախարարը
Նախորդ նիւթը

Բացառուած է Ատրպէյճանի հետ որեւէ համարկման գործընթաց. Յարութիւնեան ներկայացուց նոր պետական նախարարը

Արցախի քաղաքական կարգավիճակի հարցեր չեն քննարկուած. ԱԳՆ-ն՝ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպման մասին
Յաջորդ նիւթը

Արցախի քաղաքական կարգավիճակի հարցեր չեն քննարկուած. ԱԳՆ-ն՝ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպման մասին

ԱնցնիլՎեր