Պատերազմի hանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած Է ԱԺ Քննիչ յանձնաժողով

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողով, նշուած է ԱԺ նախագահի տեղակալ, ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ: Յանձնաժողովին լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովը: Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը անցնող Յուլիս 26-ին յայտարարեց 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները քննող յանձնաժողով ստեղծելու որոշման մասին, որուն մէջ պիտի ներառուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը: Յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկ կառավարութեան կատարած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը պատերազմէն յետոյ: Սակայն Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին ընթացք չէր տուած իշխանութիւնը:
11 Փետրվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Պատերազմի hանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած Է ԱԺ Քննիչ յանձնաժողով

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողով, նշուած է ԱԺ նախագահի տեղակալ, ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ:

Յանձնաժողովին լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովը:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը անցնող Յուլիս 26-ին յայտարարեց 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները քննող յանձնաժողով ստեղծելու որոշման մասին, որուն մէջ պիտի ներառուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը:

Յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկ կառավարութեան կատարած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը պատերազմէն յետոյ: Սակայն Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին ընթացք չէր տուած իշխանութիւնը:

Քալիֆորնիան եւ Սիւնիքը քոյր մարզեր
Նախորդ նիւթը

Քալիֆորնիան եւ Սիւնիքը քոյր մարզեր

Ատրպէյճանական դիրքերէն կրակ բացուած է Կարմիր շուկայ եւ Թաղավարդ բնակավայրերուն ուղղութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական դիրքերէն կրակ բացուած է Կարմիր շուկայ եւ Թաղավարդ բնակավայրերուն ուղղութեամբ

ԱնցնիլՎեր