ՊԲ զինծառայողը մահացու վիրաւորում ստացած իր իսկ կրակոցէն․ ՔԿ-ն մանրամասներ յայտնած է

ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան կայազօրային վարչութենէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 360.1-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով յարուցուած քրէական գործով կատարուած է նախաքննութիւն: Նախաքննութեամբ պարզուած է, որ 2021 թուականի 26 Յուլիսին՝ ժամը 22։26-ի սահմաններուն, ՊԲ N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Սարգիս Ժիրայրի Գրիգորեանը կրակային դիրքի վրայ իրեն ամրակցուած ԱԿ տեսակի ինքնաձիգէն ինքն իր կրծքավանդակի ձախ շրջանին արձակած է կրակոց, որու հետեւանքով ստացած է մահացու հրազէնային վնասուածք: Քրէական գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Աւելի վաղ հաղորդած էինք, որ  26 Յուլիսին՝ ժամը 22:26-ի սահմաններուն, հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող,
27 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
ՊԲ զինծառայողը մահացու վիրաւորում ստացած իր իսկ կրակոցէն․ ՔԿ-ն մանրամասներ յայտնած է

ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան կայազօրային վարչութենէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 360.1-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով յարուցուած քրէական գործով կատարուած է նախաքննութիւն:

Նախաքննութեամբ պարզուած է, որ 2021 թուականի 26 Յուլիսին՝ ժամը 22։26-ի սահմաններուն, ՊԲ N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Սարգիս Ժիրայրի Գրիգորեանը կրակային դիրքի վրայ իրեն ամրակցուած ԱԿ տեսակի ինքնաձիգէն ինքն իր կրծքավանդակի ձախ շրջանին արձակած է կրակոց, որու հետեւանքով ստացած է մահացու հրազէնային վնասուածք:

Քրէական գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Աւելի վաղ հաղորդած էինք, որ  26 Յուլիսին՝ ժամը 22:26-ի սահմաններուն, հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2002-ի ծնունդ Սարգիս Ժիրայրի Գրիգորեանը: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի ՊԲ-էն։

Հրաչեայ Փոլատեան նշանակուած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան
Նախորդ նիւթը

Հրաչեայ Փոլատեան նշանակուած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան

Մաճկալաշէնի գերեվարուած բնակիչը փոխանցուած է հայկական կողմին. ատրպէյճանցի զինծառայողները ծեծած են զինք
Յաջորդ նիւթը

Մաճկալաշէնի գերեվարուած բնակիչը փոխանցուած է հայկական կողմին. ատրպէյճանցի զինծառայողները ծեծած են զինք

ԱնցնիլՎեր