«Պէտք է ունենանք մարտունակ զինուած ուժեր». Արցախի նախագահ

«Քաղաքական օրակարգում խաղաղութեան պահպանումն է, բայց պէտք է ունենանք ուժեղ եւ մարտունակ զինուած ուժեր», — յայտարարած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ նշանակութեան վարչութիւն այցելութեան ժամանակ: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան այսօր՝ Յուլիս 7-ի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յարութիւնեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է 44-օրեայ պատերազմին առաւել աչքի զարնող ծառայողներուն: Ան ընդգծած է, որ, չնայած պատերազմի ծանր ելքին, տղաները պատիւով կատարած են հայրենիքի պաշտպանութեան իրենց գործը՝ իւրաքանչիւր հատուածի մէջ թշնամիին դէմ կռուելով մինչեւ վերջին փամփուշտը: «Գլուխ եմ խոնարհում մեր բոլոր նահատակների յիշատակի առջեւ: Ձեր շնորհիւ այսօր մենք շարունակում ենք մեր հայրենիքի փրկուած հատուածում փայփայել հայկականութիւնն ու անկախ
8 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
«Պէտք է ունենանք մարտունակ զինուած ուժեր». Արցախի նախագահ

«Քաղաքական օրակարգում խաղաղութեան պահպանումն է, բայց պէտք է ունենանք ուժեղ եւ մարտունակ զինուած ուժեր», — յայտարարած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ նշանակութեան վարչութիւն այցելութեան ժամանակ:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան այսօր՝ Յուլիս 7-ի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յարութիւնեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է 44-օրեայ պատերազմին առաւել աչքի զարնող ծառայողներուն: Ան ընդգծած է, որ, չնայած պատերազմի ծանր ելքին, տղաները պատիւով կատարած են հայրենիքի պաշտպանութեան իրենց գործը՝ իւրաքանչիւր հատուածի մէջ թշնամիին դէմ կռուելով մինչեւ վերջին փամփուշտը:

«Գլուխ եմ խոնարհում մեր բոլոր նահատակների յիշատակի առջեւ: Ձեր շնորհիւ այսօր մենք շարունակում ենք մեր հայրենիքի փրկուած հատուածում փայփայել հայկականութիւնն ու անկախ պետականութիւն ունենալու մեր երազանքը: Համոզուած եմ՝ միասին դեռ մեծ ծառայութիւններ ունենք մատուցելու մեր հայրենիքին ու ժողովրդին»,- ըսած է Արցախի նախագահը:

ՔՊ-ն  ներգրաւուած է որպէս 3-րդ անձ՝ ԿԸՅ-ի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփման վէճի վերաբերեալ դատավարութեան. Բադասեան
Նախորդ նիւթը

ՔՊ-ն  ներգրաւուած է որպէս 3-րդ անձ՝ ԿԸՅ-ի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփման վէճի վերաբերեալ դատավարութեան. Բադասեան

Գրիգորի Խաչատուրովը ազատուած է 3-րդ բանակային ջոկատի հրամանատարի պաշտօնէն
Յաջորդ նիւթը

Գրիգորի Խաչատուրովը ազատուած է 3-րդ բանակային ջոկատի հրամանատարի պաշտօնէն

ԱնցնիլՎեր