Պըրպենքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

ԱՄՆ Պըրպենքի քաղաքի (Քալիֆորնիա) քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Արցախը որպէս Անկախ հանրապետութիւն եւ միաժամանակ չեղարկած է Պըրպենք-Հադրութ քաղաքներու բարեկամութեան կարգավիճակը, քանի որ քաղաքը անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին կը յայտնէ Asbarez գործակալութիւնը՝ նշելով, որ ամերիկեան քաղաքի հայ համայնքը 2020 թուականի սեպտեմբերին վերսկսած պատերազմէն ետք ամիսներ շարունակ աշխատանքներ տարած է Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ: «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետական խորհուրդին եւ Պըրպենքի բնակիչներուն՝  ինքնորշման ու ազատութեան համար պայքարին Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար»,-ըսած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան։ Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆին, նահանագային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին եւ նահանգի ներկայացուցիչ այլ գործիչներու:  
5 Մարտի 2021
2 ր. ընթերցում
Պըրպենքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

ԱՄՆ Պըրպենքի քաղաքի (Քալիֆորնիա) քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Արցախը որպէս Անկախ հանրապետութիւն եւ միաժամանակ չեղարկած է Պըրպենք-Հադրութ քաղաքներու բարեկամութեան կարգավիճակը, քանի որ քաղաքը անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։

Այս մասին կը յայտնէ Asbarez գործակալութիւնը՝ նշելով, որ ամերիկեան քաղաքի հայ համայնքը 2020 թուականի սեպտեմբերին վերսկսած պատերազմէն ետք ամիսներ շարունակ աշխատանքներ տարած է Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետական խորհուրդին եւ Պըրպենքի բնակիչներուն՝  ինքնորշման ու ազատութեան համար պայքարին Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար»,-ըսած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան։

Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆին, նահանագային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին եւ նահանգի ներկայացուցիչ այլ գործիչներու:

 

Թուրքիոյ մէջ տեղի կ'ունենան հերթական թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ մէջ տեղի կ’ունենան հերթական թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները

Վարչապետը ծաղիկներ դրաւ Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրիին
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետը ծաղիկներ դրաւ Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրիին

ԱնցնիլՎեր