Պլինքըն ՀՀ–ի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներուն առաջարկած է մինչեւ սեպտեմբերի վերջ կրկին հանդիպիլ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է հետագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով խաղաղ գործընթացին վերադառնալու կարեւորութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս։ Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ։ «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ընդունած է Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ վերջերս տեղի ունեցած մարտերէն ետք առաջին ուղիղ բանակցութիւններու համար։ Նախարար Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու կապակցութեամբ եւ ընդգծած հետագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով
20 Սեպտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Պլինքըն ՀՀ–ի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներուն առաջարկած է մինչեւ սեպտեմբերի վերջ կրկին հանդիպիլ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է հետագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով խաղաղ գործընթացին վերադառնալու կարեւորութիւնը։

Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս։

Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ։

«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ընդունած է Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ վերջերս տեղի ունեցած մարտերէն ետք առաջին ուղիղ բանակցութիւններու համար։ Նախարար Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու կապակցութեամբ եւ ընդգծած հետագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով խաղաղ գործընթացին վերադառնալու կարեւորութիւնը։ Անոնք քննարկած են հետագայ քայլերը, եւ Պետական քարտուղարը կոչ ըրած է կողմերուն մինչեւ այս ամսուայ վերջ հանդիպելու եւս մէկ անգամ», — ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուի ՀՀ ինքինիշխան տարածքէն. Միրզոյեան` Պայրամովին
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուի ՀՀ ինքինիշխան տարածքէն. Միրզոյեան` Պայրամովին

Անգարան պարտաւոր չէ ԵՄ-ին հաշուետւութիւն տալու ՇՀԿ-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու համար. Էրտողան
Յաջորդ նիւթը

Անգարան պարտաւոր չէ ԵՄ-ին հաշուետւութիւն տալու ՇՀԿ-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու համար. Էրտողան

ԱնցնիլՎեր