Պոլիսը կը պատրաստուի նոր Պատրիարքի ընտրութեան. Նախնական տուեալներով Սահակ Սրբազան առաջատար

Ոչ պաշտօնական տուեալներով Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի կողմնակից պատգամաւորներու թիւը հասած  է 89-ի: Այս մասին կը տեղեկանանք «Արեւելք»էն:  Աղբիւրը նաեւ  կը նշէ, որ երէկ գիշեր ուշ ժամերուն արդէն իսկ ընկերային ցանցի տարբեր հարթակներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած են թուանշաններ՝ կապուած երէկ տեղի ունեցած պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքներուն: Կը նշուի նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի պատգամաւորներու թիւը հասած է 89-ի, մինչ Արամ Աթէշեան սրբազան ունի 12 պատգամաւորներ: Այս թիւերուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 17 կրօնական պատգամաւորները, որոնց քուէարկելու դրոյթը պիտի մնայ խորհրդապահական եւ, բնականաբար, պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ չորեքշաբթի՝ ընտրութեան օրը: Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի տեղի պիտի ունենայ ընտրական մեծ ժողով,
9 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Պոլիսը կը պատրաստուի նոր Պատրիարքի ընտրութեան. Նախնական տուեալներով Սահակ Սրբազան առաջատար

Ոչ պաշտօնական տուեալներով Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի կողմնակից պատգամաւորներու թիւը հասած  է 89-ի: Այս մասին կը տեղեկանանք «Արեւելք»էն: 

Աղբիւրը նաեւ  կը նշէ, որ երէկ գիշեր ուշ ժամերուն արդէն իսկ ընկերային ցանցի տարբեր հարթակներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած են թուանշաններ՝ կապուած երէկ տեղի ունեցած պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքներուն:

Կը նշուի նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի պատգամաւորներու թիւը հասած է 89-ի, մինչ Արամ Աթէշեան սրբազան ունի 12 պատգամաւորներ:

Այս թիւերուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 17 կրօնական պատգամաւորները, որոնց քուէարկելու դրոյթը պիտի մնայ խորհրդապահական եւ, բնականաբար, պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ չորեքշաբթի՝ ընտրութեան օրը:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի տեղի պիտի ունենայ ընտրական մեծ ժողով, եւ պոլսահայութիւնը պիտի ընտրէ իր արժանի 85-րդ պատրիարքը: 

Նշենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը երկաստիճան է: Նախ կ՝ընտրուին պատուիրակներ՝ հոգեւորական դասէն եւ համայնքի անդամներէն: Հոգեւորական պատուիրակները, որոնք 17 են, ընտրուած են Դեկտեմբեր 7-ին՝ ընդհանուր կրօնական ժողովին կողմէ, իսկ համայնքի պատուիրակները՝ 103 հոգի, ընտրուած են Դեկտեմբեր 8-ին:

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած է «1915.gov.tr» կայքը. եւս մէկ քայլ դէպի ժխտողականութիւն
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած է «1915.gov.tr» կայքը. եւս մէկ քայլ դէպի ժխտողականութիւն

ԱնցնիլՎեր