Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 4 Դեկտեմբերին, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, ԵԱՀԿ-ի 26-րդ Նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հրադադարի ամրապնդման,  յաջորդ տարուան սկիզբը համատեղ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները: ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս արձանագրուած համեստ արդիւնքը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման ծրագրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ շփոիմի շարունակման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ ընդգծուած են վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը: Անդրադառնալով նախօրէին Արցախի ԱԳ նախարարին
5 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 4 Դեկտեմբերին, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, ԵԱՀԿ-ի 26-րդ Նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հրադադարի ամրապնդման,  յաջորդ տարուան սկիզբը համատեղ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները:

ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս արձանագրուած համեստ արդիւնքը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման ծրագրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ շփոիմի շարունակման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ ընդգծուած են վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով նախօրէին Արցախի ԱԳ նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին` նախարար Մնացականեան եւս մէկ անգամ ընդգծած է Արցախի իշխանութիւններու ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս կարգաւորման բովանդակային հարցերու շուրջ:

ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն. Յովհաննէս Թապագեան
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն. Յովհաննէս Թապագեան

Ամանորը դիմաւորենք իրար հետ՝ Հանրապետութեան հրապարակը. Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Ամանորը դիմաւորենք իրար հետ՝ Հանրապետութեան հրապարակը. Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր