Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ:  «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը: «Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուել է Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ: Այդ պաշտօնը նախկինում զբաղեցնում էր Մովսէս Յակոբեանը»,- նշած է Ալթունեանը: ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետի պաշտօնը կը զբաղցնէր Մովսէս Յակոբեանը, որ 2020 թուականի 18 նոյեմբերին ազատման դիմում ներկայացուցած էր: Ջալալ Յարութիւնեանը ԱՀ ՊԲ հրամանատարի պաշտօնէն ազատուած էր 2020 թուականի 27 հոկտեմբերին՝ պայմանաւորուած մարտական դիրքի վրայ ստացած վիրաւորումով:
4 Փետրվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ: 

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը:

«Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուել է Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ: Այդ պաշտօնը նախկինում զբաղեցնում էր Մովսէս Յակոբեանը»,- նշած է Ալթունեանը:

ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետի պաշտօնը կը զբաղցնէր Մովսէս Յակոբեանը, որ 2020 թուականի 18 նոյեմբերին ազատման դիմում ներկայացուցած էր:

Ջալալ Յարութիւնեանը ԱՀ ՊԲ հրամանատարի պաշտօնէն ազատուած էր 2020 թուականի 27 հոկտեմբերին՝ պայմանաւորուած մարտական դիրքի վրայ ստացած վիրաւորումով:

Մեղրիի բնակիչներու ջուրի իրաւունքը լրջօրէն կը խախտուի ատրպէյճանական զինուած ուժերու դիտաւորեալ արարքներով. ՄԻՊ
Նախորդ նիւթը

Մեղրիի բնակիչներու ջուրի իրաւունքը լրջօրէն կը խախտուի ատրպէյճանական զինուած ուժերու դիտաւորեալ արարքներով. ՄԻՊ

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Ղազախստան
Յաջորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Ղազախստան

ԱնցնիլՎեր